Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսին Մոսկուա մեկնելէ առաջ յայտարարած Է, որ իր այցը կրնայ դառնալ շրջադարձային գործօն Իրանի եւ Ռուսաստանի միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններուն մէջ:
«Այցը կարող Է շրջադարձային գործօն դառնալ Ռուսաստանի հետ Իրանի քաղաքական, տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններուն մէջ, ինչպրս նաեւ կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան, տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու ապահովման համար: Այս ուղեւորութիւնը կ'իրականացուի նախագահ Փութինի հրաւէրով, եւ այդ ուղեւորութեան ընթացքին պիտի ձեռնարկուին ջանքեր տարածաշրջանին մէջ բարիդրացիութեան քաղաքականութեան առաջմղման համար»:
«Իրանի եւ Ռուսաստանի փոխգործակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ, անտարակոյս, պիտի ապահովէ անվտանգութիւնը եւ պիտի կանխէ միակողմանիութիւնը: Մենք եւ Ռուսաստանը տնտեսական եւ քաղաքական շատ կազմակերպութիւններու անդամներ ենք տարածաշրջանին մէջ, եւ Ռուսաստանը կարեւոր դեր կը խաղայ այդ կազմակերպութիւններուն մէջ»:
«Ռուսաստանը հանգուցային դեր կը խաղայ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ, եւ մեր համագործակցութիւնը այդ ուղղութեամբ կրնայ արդիւնաւէտ ըլալ առեւտրա-տնտեսական ծրագրերու առաջմղման համար», նշած Է Ռայիսին: