Պէյրութի մէջ հարիւրաւոր քիւրտեր ԱՄՆ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կազմակերպած են, դատապարտելով աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր Աֆրինի քիւրտ բնակչութեան դէմ ամերիկեան ուժերու իրագործած յարձակումները: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Ցուցարարները տարբեր լեզուներով գրուած պաստառներ բարձրացուցած են, պահանջելով փրկել Աֆրինը, բողոքելով այնտեղ կատրուած ռազմական գործողութիւններուն դէմ:
Ցուցարարները նաեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Օճալանի պատկերը, ինչպէս նաեւ ձիթենեաց ճիւղեր բարձրացուցած են, միջազգային հանրութենէն պահանջելով միջամտել ու աջակցութիւն ցուցաբերել Աֆրինի բնակիչներուն: