Ռուսաստանի Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը առաջին անգամ ցուցադրած է Ուքրանիոյ հարաւային տարածքներու ճշգրիտ քարտէզը Մարիուփոլի շրջանին մէջ, ուր Վոլնովախա քաղաքը անցած է Ռուսաստանի Զինուած ուժերու եւ ժողովրդական աշխարհազօրի վերահսկողութեան տակ:
Քարտէզին վրայ կ'երեւի, որ ուքրանացի զինուորականները ամբողջութեամբ կորսնցուցած են Վոլնովախա բնակավայրը: Ռուսաստանի զինուած ուժերը հասած են Նովոտոնեցքոյէ-Նովոմայսքոյէ-Եկորովքա բնակավայրերու գիծ:
Պլակոտաթնոյէի շրջանին մէջ ցուցադրուած են ուքրինական զօրքերու ստորաբաժանումները, որոնք ինկած են շրջապատման մէջ:
Քարտէզէն կարելի է հետեւցնել, որ ուքրանական զօրքերը բնակավայրերու մէջ ամրացուած տարածքներ կը կազմակերպեն: