Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլ յայտարարած է, որ ԵՄ-ն պիտի շարունակէ կազմել Ռուսսաստանի նկատմամբ նոր պատժամիջոցներ, ինչպէս նաեւ այդ հարցով պիտի աշխուժացնէ համակարգումը Միացեալ Նահանգներու, ՆԱԹՕ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի հետ:
Այդ մասին Պորէլը յայտարարած է Ֆրանսայի՝ Պրեսթի մէջ, ուր գումարուած է ԵՄ արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական հաւաքը:
Պորէլի խօսքով, Եւրոմիութիւնը պատրաստ է պատասխան տալու որեւէ յարձակման, սակայն կը նախընտրէ երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու ուղին:
«Նախարարներու քննարկումներու առանցքային թեման եւրոպական անվտանգութեան ճարտարապետութիւնն է: Եւրոմիութիւնը պէտք է գործէ իբրեւ անկախ աշխարհաքաղաքական դերակատար: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք ետ մղելու յարձակումը, բայց կը գերադասենք դիւանագիտութեան ճանապարհը: Մենք կը մերժենք Եւրոպայի մէջ ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու Ռուսաստանի որեւէ փորձ», ըսած է Ժոզեփ Պորէլ: