Սրբոց Մինասի, Երմոգինէի, Եւգրափոսի եւ կամաւոր աղքատներ՝ Յովհաննուի եւ Ալեքսանիոսի տօնի առիթով, օրերս, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ գտնուող Ս․ Մինասի խորանին վրայ եպիսկոպոսական պատարագ մատուցած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, Սրբոց Մինասի, Երմոգինէի, Եւգրափոսի եւ կամաւոր աղքատներ՝ Յովհաննուի եւ Ալեքսանիոսի տօնը այս տարի կը յիշատակուի Երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2025-ին։
Այս առիթով, Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ գտնուող Ս․ Մինասի խորանին վրայ եպիսկոպոսական պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։
Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան։
Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով օրուան աստուածաշնչական հատուածը (Փլպ 1.27-2.4), ուր Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ Քրիստոսի Աւետարանին վայել ձեւով ապրիլ։ Այլ խօսքով, հաւատացեալներուն մարտահրաւէրն է՝ ամէնօրեայ դրութեամբ զգոյշ ըլլալ, որ Քրիստոսի Աւետարանին վայել ձեւով ապրին իրենց կեանքը։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Պօղոս առաքեալ կը հրաւիրէ հաւատացեալները, հաստատուն մնալու իրենց հաւատքին վրայ, մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի դառնալու եւ միասնաբար պայքարելու Աւետարանի քարոզութեան համար։
Ան դիտել տուաւ, որ իբրեւ քրիստոնեայ պէտք է մեր կեանքը զատորոշուի, որովհետեւ Աստուած մեզի ոչ միայն Քրիստոսին հաւատալու շնորհքը տուաւ, այլ նաեւ Քրիստոսին համար չարչարուելու շնորհքը, որպէսզի հաւատքի պայքար մղենք առանց վախնալու եւ ընկճուելու, այնպէս ինչպէս առաքեալները եւ սուրբերը ապրեցան եւ վկայեցին։
Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Ս. Մինասի եւ միւս սուրբերու վարքին, յայտնեց, թէ անոնք նեղութիւնները եւ տառապանքները համբերութեամբ կրեցին եւ նահատակութեան պսակին արժանացան։ Հետեւաբար, ան պատուիրեց, որ հարց տանք մենք մեզի, թէ մեր կեանքը Քրիստոսի Աւետարանին վայել կերպով կ՚ապրի՞նք, որպէսզի մեր կեանքը ամէն տեսակ բարիքներով աճի եւ աստուածային գիտութեամբ լեցուի։
Աւարտին, Սրբազան Հայրը Ջրօրհնէք կատարեց։ Հաւատացեալները Ս. Մինասի բարեխօսութիւնը հայցելով եւ օրհնուած ջուր ստանալով մեկնեցան եկեղեցիէն։