Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի Յունուար 11-ի, ինչպէս նաեւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը:
Վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է վերը նշուած յայտարարութիւններու լիարժէք կեանքի կոչումը, մասնաւորապէս ընդգծելով մարդասիրական խնդիրներու անյապաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը` ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ քաղաքայիններու վերադարձի ապահովումը: Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման ուղղուած աշխատանքներուն:
Փաշինեան եւ Ալիեւ վերահաստատած են երկաթուղիի վերագործարկման պայմանաւորուածութիւնը։ Ըստ այդմ՝ երկաթուղին պիտի գործէ սահմանային եւ մաքսային միջազգայնօրէն ընդունուած կանոններուն համաձայն՝ փոխադարձութեան սկզբունքով, երկիրներու ինքնիշխանութեան ու իրաւազօրութեան ներքոյ։ Հայաստանը երկաթուղիով հասանելիութիւն պիտի ստանայ դէպի Իրան եւ Ռուսաստան։
Կարեւորուած է տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ յստակ քայլերու ձեռնարկումը։
Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազտման եւ սահմանագծման իրականացման, ինչպէս նաեւ փոխվստահութեան հաստատման միտուած հնարաւոր քայլերուն։
Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել շփումները։