image

Փութինի Նոր Զէնքը, Որ Կը Կոչուի Պրիքս/Սագօ Արեան

Փութինի  Նոր Զէնքը, Որ Կը Կոչուի  Պրիքս/Սագօ Արեան

 Արեւմուտքի կատարած բոլոր սեղմումներուն դիմաց Ռուսիա կը  շարունակէ մնալ անդրդուելի: Անցեալ   Դեկտեմբերին երկիրը հարուածած    տնտեսական «շինծու»  տագնապէն ետք   Ռուսիոյ նախագահը     տնտեսական տարբեր ոլորտներու մէջ  կարեւոր եւ երեւելի բարենորոգչական ծրագիրներու  զարկ տալով  կրցաւ    «ներծծել»  այդ տագնապի       հետեւանքները:  Ռուսիոյ  թիւ մէկ առաջնորդը     լաւ ըմբռնած է, որ   ամերիկեան  քաղաքական  գրոհին հիմքը       գլխաւորաբար տնտեսական սեղմումներ          կատարելն է: Այդ գրոհներուն ամէնէն  երեւելին  Ուքրանիոյ տագնապն է, որուն       հանգոյցին    ամէնէն սեղմուած օղակին   մէջ      Ուքրանիան   Ռուսիայէն տարանջատելու  երեւելի ճիգը կար:  Այս պատկերին դիմաց  Փութինի համար այսօր  հիմնական     նոր  խաղաքարտը կը կրէ    Պրիքս  անունով ճանչցուած տնտեսական      կառոյցը:

 Պրիքսը հիմնուած է  2009  թուականին (նախ անուանուած է ՊՐԻՔ  (Պրազիլ, Ռուսիա, Իրան եւ Չինաստան)  եւ  աւելի ուշ  2010-ին    Հարաւային Ափրիկէի   կառոյցին միանալով    կառոյցը վերանուանուած է   ՊՐԻՔՍ): Այսօր նոյն  ՊՐԻՔՍ-ին Ռուսիայէն զատ  մաս կը կազմեն  ՝Չինաստան, Հնդկանսատն,     Աֆղանիստան, Մոնկոլիա,   Իրան, Պրազիլ եւ Հարաւային Ափրիկէ:     Օրեր առաջ         Ռուսիոյ   Բէշկիրա   ինքնավավար մարզի մայրաքաղաք ՝ Օֆայի    մէջ տեղի ունեցած       Պրիքսի   ֆորումի բացումին  Փութին ուշագրաւ յայտարարութեամբ  մը հանդէս գալով իր  տնտեսական  զէնքերը սեղանին վրայ  դնելով կը վստահեցնէր, որ Չինաստան Ռուսիոյ համար   անփոխարինելի եւ ռազմավարական   դաշնակից է: Փութինի խօսքին մէջ կարեւոր այլ շեշտադրումն մը եւս կար: Անոր խօսքով   Պրիքս-ը այսօր  աշխարհի  բնակչութեան    գրեթէ կէսը     համախմբող կառոյց է:  Ռազմավարական հիմքով ստեղծուած այս մարմինը կարեւոր հեռանկար ունի: Կառոյցը  տնտեսական       ծրագիրներու  արդէն   պատրաստի փաթեթ  մը   պատրաստած է  եւ այդ ծրագիրները    կ'երկարին  մինչեւ 2025   թուական:

 Ի՞նչ է  Փութինի  թելադրանքը  այստեղ:  Զինուորական  գրեթէ բոլոր  գետիններուն վրայ   անխախտ մնացած  Ռուսիա  իր ձեռքին մէջ կը պահէ     Չինական եւ Հնդկական   գոնսէբթները:    Մինչ    օրս երկու նշեալ երկու  կորիզային հզօրները  լուռ կերպով  կը հետեւին Սուրիոյ, Իրաքի եւ  Ուքրանիոյ տագնապներուն,   Ռուսական կողմը կը  հաւաստիացնէ, որ       իրենք ընկճուած կողմ   ու մանաւանդ անտեսուած  տէրութիւններ չեն:   Փութինի յաջողութեան մեծագոյն գրաւականը Սուրիոյ մէջ դիմակայելը  եղաւ ու հակառակ   համաշխարհային  մասշտաբի     Սուրիոյ   նախագահ Պաշշար Ասատին դէմ եղած    բուռն քննադատութիւններուն    խաղը մնաց հիւսիսի հզօրին ձեռքը:  Այս խնդրէն զատ     Ռուսիա հակառակ Սուրիոյ  խնդրին շուրջ  Թուրքիոյ հետ  իր ունեցած տարակարծութեանց     մերձեցում ցուցաբերեց Էրտողանի  իշխանութեանց եւ Փութին  Անգարա հասնելով տնտեսական  ու յատկապէս  կազային կարեւոր   համաձայնութիւններ կնքեց: Այս բոլորին  զատ  պէտք է շեշտադրել ,   Սէուտական Արաբիոյ ռուսներուն հետ լեզու գտնելու ճիգը, որ ամէն առիթի   բախեցաւ       քաղաքակիրթ մերժումներու: Հակառակ անոր, որ Ռուսիա    միլիառներ արժող  տնտեսական  համաձյանգրեր կնքեց      Րիատի հետ  եւ  մեծ  պատիւներով ընդունեց  թագաւորութեան  փոխ   գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Նայէֆ իշխանը Մոսկուայի  թելադրանքը   Սիւննիներուն մնաց նոյնը : Փութին առանց երկմտելու կ'ըսէր ՝ «Գացէք  եւ ձեր հարցերը  կարգաւորեցէք  Թեհրանի հետ»:  Ռուսական քաղաքականութեան  ամրութեան  ամէնէն կարեւոր ցուցանիշը    իր դաշնակիցները  չզոհելու մարտավարութիւնն է, եւ այս  մօտեցման  լաւագոյն  ապացոյցը    Ասատի  իշխանութեան   վրայ մնալու առընթեր  Ռուսիոյ  անմնացորդ   ճիգն ու վճռակամութիւնն է:  Արեւմտեան     դէտեր  քանիցս հարցադրումներ ըրած են, թէ արդեօ՞ք  Փութին   յարմար պահու մը պիտի «ձերբազատուի»    Ասատէն ու անոնց հարցադրումները մնացած են  օդին մէջ:  Ռուսիա  լաւ գիտէ, որ Ասատի իշխանութիւնը  «սրբութիւն սրբոց» մը չէ սակայն գիտէ նաեւ, որ Ասատի հրապարակէն  հեռանալով    պիտի սկսի  «տաք ջուրերէն»  իր  հեռացման  նախնական գործընթացը:    Փութին չէ մոռցած  Լիպիոյ եւ Իրաքի մէջ  իրականցուած  սցենարները, ուր    տեղի «բռնակալներ»ը կրծելու   պատրուակով արեւմուտքը   քաոս ստեղծելէն  ետք  արիւնոտ ձեռքերով այսօր եւս կը ծծէ    տեղի    հիմնական հարստութիւնը ՝ նաւթը:

 Ռուսիա  կարեւոր դեր ունեցաւ  նաեւ Իրան- Արեւմուտք համաձայնութեան   համար տարուող բանակցութիւններու ամբողջ ընթացքին մէջ:  Իրանցիները   տակաւին երկար շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն այդ առումով   իսկ   համաձայնութեան գոյացումէն ետք անոնք պիտի անդամակցին «Շանկհայի համագործակցութեան    կազմակերպութեան» որ դարձեալ ստեղծուած է  ռուսական  ճիգերով  եւ    որուն   Չինաստանէն զատ մաս կը կազմեն Ղազախստան, Տաճիկիստան, Խըրխզիստան եւ Ուզպէքիստան:          Պրիքս եւ Շանկհայի   տնտեսական ֆորումները աճող   կառոյցներ են: Անոնք  տնտեսական օրակարգ թելադրող     ներուժ ունին: Նախ  ունին  մեծաթիւ, չըսելու համար  հզօր  բնակչութիւն հետեւաբար  նոյնպէս ունին   սպառող եւ արտադրող լայն  հասարակութիւններ:

 Այս տուեալներուն  դիմաց       Եւրոպական Միութենէն  ներս  տեղի ունեցող  խլրտումները  ու յատկապէս Յունաստանի մէջ  արձանագրուած  դէպքերը ու   «Ո՛չ»  խորագիրը բարձրացուցած քուէահամարը ցոյց տուին, որ Եւրոպայի   տնտեսական   միասնութիւնը առաջուան երանգները  չունի: Տակաւին ով կրնար պատկերացնել, որ  եւրոպական  ընտանիքին  ամէնէն թոյլ  օղակներէն մին համարուող Յունաստանի   երիտասարդ  վարչապետ Ալէքսիս Ցիբիրաս    եւրոպական ընտանիքին խորհուրդներ պիտի տար   հեռու մնալու ի սպառ բաժանումներու եւ ջլատումի վտանգներէն: Յունաստանի ձախակողմեան ղեկավարը նաեւ  գիտէ, որ  Պրիքսին անդամակցելու     խնդիրը  կարեւոր   նախաքայլ մը պիտի  ըլլայ նոր բեւեռացումներու   ուղուող աշխարհին համար: Ու այս ընդհանուր օրակարգէն  հիմնական օգտուողը պիտի ըլլայ Ռուսիան, որ  իր  շարքերուն մէջ պիտի ներառնէ  ոչ միայն Յունաստանը  այլ բազում երկիրներ, որոնք տնտեսական  սուր   տագնապներու եզրին են ( օրինակ Սպանիան, Փորթուկալը եւ այլ  երկիրներ): Այս նոր  հաւանական սցենարներուն դիմաց Միացեալ Նահանգներ, որուն ներկայ ղեկավարութիւնը կը թուի յոգնած ըլլալ ընդհանուր  իրավիճակներէն որոշած է մինչեւ  2017  թուական  այսինքն Օպամայի նստաշրջանին աւարտը     ժամանակ շահիլ  եւ խուսանումներ կատարել բոլոր ճակատներուն վրայ:

 Թէ ինչ  հանգամանքներ կրնայ ունենալ Պրիքսեան   համախմբումի   այս   կարեւոր    ժողովը այդ մէկը պարզ կը դառնայ  տնտեսական      նոր   ազդակներու    երեւումով: Միով բանիւ երեւելի է, որ այս երկիրներուն միջեւ առկայ դաշինքը միայն տնտեսական չէ  այլ   ընդունինք  կամ ոչ ունի  գաղափարական հիմք: Փութին    հակառակ իր երեսին նետուած  մեղադրանքներուն երբեք նպատակ չունի նոր Խորհրդային Միութեան մը մանրակերտը   հիմնելու: Ան լաւ գիտէ, որ   այդ հանգրուանը  կը  պատկանի պատմութեան:   Գիտէ  նաեւ, որ այսօրուան աշխարհին մէջ տնտեսական   կարելիութիւններու,    նոր տեսլականով       ֆինանսական տարբեր շերտերուն հետ լեզու գտնելու մօտեցումները    դարձած են առաջնահերթութիւն:     Այսօրուան աշխարհը  կը խօսի    ոչ թէ իզմերու  այլ շահերու լեզուով: Ճիշդ  նաեւ, որ  տնտեսական    խնդիրներու  եւ   խաւերու միջեւ շեշտակի    տարբերութիւններով  ապրող  Ռուսիան  ունի  բազում հարցեր:    Բայց եւ այնպէս        միջազգային տարբեր  թղթածրարներու մէջ յաջողութիւն  եւ տիրական  ներկայութիւն գրանցած  Փութին  ռուսներուն համար  այլընտրանք չունի:

Ռուսական մօտեցումէն  գոհ են    յատկապէս  Պրիքսի   անդամները:  Ատկէ զատ   այդ երկիրներուն  ունեցած  մարդկային հզօր ներուժը եւ  տնտեսական   կարելիութիւնները Ռուսիոյ համար զինուորական  հզօրութիւնէն անդին տնտեսական  կարեւոր զէնքեր կը համարուին:

Այս մասին պէտք է մտածէ   յատկապէս  եւրոպական  ընտանիքը, որ սա պահուն       տնտեսական սուր տագնապներու նախասեմին է:  Փութին զինուորական հզօրութեան  կողքին  նոր զէնքերու լեզուով կը խօսի ու այդ զէնքերուն ամէնէն ուժականներէն մէկը կը կոչուի ՝ Պրիքս:

 

 Սագօ  Արեան