1988 թուականի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 33-րդ տարելիցին առիթով, փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան այցելած է Կիւմրի։
Կառավարութեան, մարզային ու համայնքային իշխանութեան ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ փոխվարչապետը մասնակցած է Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուած հոգեհանգիստի արարողութեան եւ յարգանքի տուրք մատուցած է երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակին: