image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան դէպի Փարիզ. Ան հանդիպած է Մաքրոնին

Փաշինեան դէպի Փարիզ. Ան հանդիպած է Մաքրոնին

Էլիզեան պալատի մէջ տեղի ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ վարչապետը՝ կից հրապարակելով դիմաւորման արարողութենէն տեսանիւթ:

Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հոկտեմբեր 3-5-ը աշխատանքային այցով մեկնած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն՝ մասնակցելու Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան հերթական գագաթնաժողովին:

Այցի շրջածիրէն ներս ՀՀ վարչապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ վարչապետ Միշել Պարնիէի հետ: