Օրերս Պէյրութի մէջ հանգամանաւոր կերպով նշուած է «Ուսուցչաց օր»ը։ Մատաղ սերունդներու դաստիարակման գործին լծուած ուսուցիչները միշտ ալ ուշադրութեան արժանի դարձած են, մասնաւորապէս Լիբանանի նման գաղութի մը մէջ, ուր մարդակերտման գործին մէջ անսակարկելի է հայ ուսուցիչներու ունեցած դերն ու նուիրական մօտեցումը։
Այսօր ստեղծուած տնտեսական տագնապներով առլցուն ժամանակներուն մէջ, ինչպէս բոլոր ոլորտներուն, նոյնպէս ալ հայեցի դաստիարակութեան ոլորտին մէջ մեր ուսուցիչները կ՚անցնին դժուարին ժամանակներէ։
Մէկ կողմէ արտագաղթը, միւս կողմէ ալ անտարբերութիւնը կը դառնան որոգայթ գաղութային ընդհանուր ընկրկումի մը, որուն դէմ ալ անդուլ պայքար կը տանին մեր ուսուցիչները։
Ու այս ծիրէն ներս, որպէսզի ըստ արժանւոյն գնահատուի անոնց աւանդն ու նուիրումը, օրերս տեղի ունեցած է ուշագրաւ միջոցառում, գլխաւորութեամբ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին ու նաեւ Ազգային Վարժարաններու Ուսումնական Խորհուրդին։
Ստորեւ յապաւուած տողերով «Արեւելք» «Ազդակ»էն քաղելով իր ընթերցողաց հետ բաժնեկցի այդ միջոցառման լրատւութիւնը։
«Ազդակ» կը տեղեկագրէ ՝
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 8 մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան ընթրիք-տօնակատարութիւն: Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամներ, վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ եւ անձնակազմերու անդամներ:
Տօնակատարութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի գործավար Րաֆֆի Տէմիրճեան: Ան նշեց, որ ձեռնարկը կը նպատակադրէ ուրախ եւ քաջալերական մթնոլորտի մէջ գնահատել ընդհանրապէս ուսուցիչները եւ ի մասնաւորի հայ ուսուցիչները, որոնք նուիրումով եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կը կատարեն իրենց աշխատանքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Օրուան պատգամը հայերէնով արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան: Ան նկատել տուաւ, որ անցնող տարիները շատ բան փոխեցին մեր առօրեային եւ կրթական կեանքին մէջ, սակայն փաստ է, որ հակառակ բոլոր փոթորիկներուն, ազգային մեր վարժարանները կանգուն մնացին` առաջին հերթին շնորհիւ մեր ուսուցչական կազմերուն, որոնք տոկացին ու դիմադրեցին շրջապատի տեսակաւոր դժուարութիւններուն:
«Կրթական պատասխանատուներ` տնօրէններ, դասանիւթերու համակարգողներ եւ վարժարաններու անձնակազմեր չարտօնեցին, որ որեւէ ընկրկում եւ նահանջ արձանագրուի կրթական ճակատի վրայ` քաջ գիտակցելով, որ հաւաքական մեր կեանքի ամրութեան հիմնական նախապայմանը կրթական ճակատին ամրութիւնն է», աւելցուց ան:
Վ. Աւագեան իր պատգամին մէջ նշեց. «Մենք տակաւին չենք շրջանցած Լիբանանը հարուածող փոթորիկները եւ անոնց մէ՛ջն ենք: Փոթորիկները մեր չորս կողմը աւերներ կը գործեն, իսկ մենք կը շարունակենք, պիտի՛ շարունակենք մեր երթը, որովհետեւ ջերմօրէն հաւատացողներն ենք կրթական գործին:
«Կրթութիւնը հայ մարդուն համար յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: Իսկ կրթութեան մարզը կարելի չէ պատկերացնել առանց ուսուցիչին: Կրթական միջավայրին, դպրոցական ուսման եւ դաստիարակութեան շունչ տուողը ուսուցիչն է: Աշակերտին մտածելու եւ դատելու կարողութիւնը զարգացնողը, մտային եւ հոգեկան պաշարը հարստացնողը ուսուցիչն է», շեշտեց Վիգէն Աւագեան` հաստատելով. «Ամէն մարդ չի կրնար ուսուցիչ ըլլալ եւ ուսուցիչ մնալ` երբ գիտակից պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ ասպարէզին: Ուսուցչութիւնը կոչումի եւ խառնուածքի հարց է: Սովորական գործ չէ՛, մասնագիտութիւն չէ՛: Առաքելութիւն է»:
Այնուհետեւ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան 25 եւ աւելի տարիներէ ի վեր ուսուցչական ասպարէզին ծառայող, ազգային վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող 45 կրթական մշակներ.-
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան` Լիւսի Յարութիւնեան, Զապէլ Փաչանեան-Սալլում, Զեփիւռ Գասպարեան-Կարապետեան, Մարալ Գզիլ Օղլի Էքմէքճեան, Վերա Ժամկոչեան-Ստեփանեան, Լիւսի Մկրտեան-Գազանճեան, Շողիկ Ուլաշեան, Թամար Չոլաքեան-Ստեփանեան, Ճենի Սանդուխտեան, Մարիթա Օհաննէս-Օհաննէս, Թալին Օրտողլեան, Ռիթա Գասապեան-Գազանճեան, Սեւան Դանիէլեան-Մկրեան, Ադամ Թազեան, Զեփիւռ Նէնէճեան, Էլմոնտ Գալֆայեան:
Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան` Գոհար Մանճեան, Ղատա Թաթինեան, Լենա Աշգարեան-Սթամպուլեան, Ֆատի Մաալուֆ, Ժոզէֆ Հատտատ, Նանոր Փանոսեան-Պետրոսեան, Սեւան Ադամեան-Փամպուքեան, Միշլին Սահիուն-Հապէշեան:
Ազգային Միացեալ վարժարան` Նելլի Վէքիլեան, Մարիա Նաճարեան-Ինճէեան, Տիգրանուհի Ճինպաշեան-Թովմասեան, Նաժլա Ապպուտ-Ատաս, Կարօ Այնէճեան, Նուհա Եէմին, Ռիթա Աթիքեան-Օհաննէսեան, Արմէն Ապտալեան, Սեդա Ակոբեան-Զարմէնեան, Լենա Կարապետեան-Գասպարեան, Լինա Ֆրուսին-Նասրի, Լենա Այնթապլեան-Ղազարեան, Մատլէն Էզաճեան-Վարդան, Մարալ Խաչերեան-Սապունճեան:
Ազգային Նուպարեան – Խրիմեան վարժարան` Վաչէ Հարմանտայեան, Հատաուաթ ալ Հանի, Անահիտ Փարակասեան, Թերեզա Միքայէլ, Ռեմոն Ֆըրզոլի, Մարիա Հարմանտայեան, Անի Չափարեան:
Աւարտին առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան իր սրտի խօսքին մէջ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայեց Ուսուցչաց օրուան առիթով հաւաքուելու ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ: Ան նկատել տուաւ, որ հակառակ երկրի մէջ տիրող քաղաքական վիճակին, լիբանանեան իւրայատկութիւնը առիթ կը ստեղծէ, որ մենք պահ մը` կեանքի դժուարութիւնները մոռնալով, քով-քովի համախմբուած` տօնական մթնոլորտի մէջ նշենք Ուսուցչաց օրը: Սրբազանը ըսաւ, որ տարուան ընթացքին միշտ առիթը չենք ունենար գնահատելու մեր վարժարաններու կրթական մշակները, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ միշտ չենք աղօթեր, այլ` վստահեցուց, որ անոնք միշտ մեր աղօթքներուն մէջ են եւ մեր սրտի բարեմաղթութիւններով շարունակաբար զիրենք նաեւ Աստուծոյ հոգատարութեան կը յանձնենք: Ան հաստատեց, որ Աստուած մեր աշխատանքներուն մէջ մեզի հետ է, այլապէս` անցնող քանի մը տարիներուն մեր ապրած տագնապներուն ընթացքին անկասկած բոլորս ալ պիտի խորտակուէինք, սակայն բոլորս կանգուն ենք, կը գործենք, որպէսզի մեզմով հայ կրթութեան սրբազան աշխատանքը յարատեւէ, նաեւ յարատեւեն մեր վարժարանները, որպէսզի մեր ժողովուրդին արժէքները կարենանք մեր զաւակներուն փոխանցել այն ոճով, ճաշակով եւ նախանձախնդրութեամբ, զորս մենք կ՛ուզենք:
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան ջութակահար Լիւսի Չամսարեան եւ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սագօ Պետրոսեանի: Այս առիթով ցուցադրուեցաւ ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, որուն մէջ ազգային վարժարաններու աշակերտներ չորս լեզուներով իրենց բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէին իրենց ուսուցիչներուն:
Ընթրիքի պաշտօնական բաժինէն ետք, տօնակատարութիւն-խրախճանքը խանդավառ մթնոլորտի մէջ շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ երեկոյ: