image

Պէյրութի մէջ. «Սուրբ Խաչ» վարժարանի պատուիրակութիւնը մասնակից՝ Հոգեւոր Տիրոջ յոբելեանին

Պէյրութի մէջ. «Սուրբ Խաչ» վարժարանի պատուիրակութիւնը մասնակից՝ Հոգեւոր Տիրոջ յոբելեանին

Պէյրութի մէջ, տնօրէն՝ Արամ Գարատաղլեանի գլխաւորութեամբ «Սուրբ Խաչ» վարժարանի պատիւիրակութիւնը շնորհաւորեց Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ  քահանայական  յոբելեանը։

 Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ» վարժարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

 

Կիրակի, 10 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանէն պատուիրակութիւն մը մասնակցեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելենական պատարագին եւ տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:

Աւարտին՝ վարժարանիս Մեծաւոր Պրն. Արամ Գարատաղլեան Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի մեծ ընտանիքին անունով, Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց հայկական ձեռնախաչ մը, որ ձեռակերտն է մեր վարժարանի ծնողներէն՝ պրն. Վէնսան Շամմասեանի:

Այս առթիւ մեր Հայրապետին կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ արգասաբեր ծառայութիւն տէրունապատուէր առաքելութեան մէջ: