Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթէն կը կարդանք՝
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց «Հարաքեթ Արտ» շարժումի նախագահ Թալալ Տուէյհին:
Հանդիպումին ընթացքին Տուէյհի ներկայացուց շարժման աշխատանքներն ու ժողովրդագրական փոփոխութեան ընդդիմացող անոր կեցուածքները` ընդգծելով լիբանանցիներուն վրայ այդ փոփոխութեան ունենալիք հսկայական վտանգները:
Տուէյհի լուսարձակի տակ առաւ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ, մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներու գոյութիւնն ու անոր վտանգները:
Տուէյհի շեշտը դրաւ տեղահանուածներուն ունեցած տնտեսական գործելաոճին վրայ` ընդգծելով, որ լիբանանեան տնտեսական եւ ընկերային իրականութեան վրայ այդ գործելաոճին իսկական ազդեցութիւնը արդէն իսկ շօշափելի է:
Տուէյհի ընդգծեց, որ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն եւ լարուածութեան հիմնական պատճառը սուրիացի տեղահանուածներուն տարածուիլն է եւ անոր սպառնացած վտանգները:
Հանդիպումին աւարտին Յ. Բագրատունի եւ Տուէյհի համաձայնեցան գործակցութիւնը շարունակել` ապահովելու համար հանրութեան շահերը: