image

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ. «Իւրայատուկ խոհանոցի օր»

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ. «Իւրայատուկ խոհանոցի օր»

Վերջերս, Լիբանանի միակ հայկական համալսարանին՝ Հայկազեան համալսարանին շրջափակէն ներս յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ HUMUN Խոհանոցի Միջազգային օրը։

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ համալսարանի կայքէջէն։

 

Նշենք, որ նոյն ծիրէն ներս, 23, 24 եւ 25 Մարտին տեղի պիտի ունենայ աւելի մեծ միջոցառում մը, որուն մանրամասնութիւնները կը ներկայացնենք ստորեւ, քաղուած համալսարանի կայքէն՝

«Խոհանոցի միջազգային օր... 

7 Մարտին, խոհարարական համաշխարհային ճանապարհորդութիւնը սկսանք ՝ մեր HUMUN Խոհանոցի Միջազգային օրուան միջոցառման ընթացքին: Սկսած Սերպիոյ եւ Լիբանանի համեղ բուրմունքներէն, հասած մինչեւ Հայաստանի, Ճապոնի, Մեքսիքոյի եւ Իտալիոյ հարուստ համադամ ուտելիքնրը։ Մենք վայելեցինք տարբեր երկիրներու հարուստ խորտիկները։ 

Նշեցէք ձեր օրացոյցին վրայ աւելի մեծ իրադարձութիւնը: Միացէ՛ք մեզի 23, 24 եւ 25 Մարտին կայանալիք HUMUN համաժողովին, ուր մենք աւելի պիտի խորանանք համաշխարհային կապերու, դիւանագիտութեան եւ Միջազգային յարաբերութեան մէջ: Այս հիանալի հնարաւորութիւն մը է ուսանողներուն, ընդլայնելու համար իրենց մտահորիզոնը, ներգրաւուելու բովանդակալից քննարկումներու մէջ եւ կենսատեւ կապեր հաստատելու: 

 

Մենք կը հրաւիրենք  խանդավառ ուսանողները միանալու մեզի, որպէս կամաւորներ եւ օգնելու, որպէսզի այս համաժողովը մեծ յաջողութիւն գտնէ: Անկախ անկէ եթէ դուք հետաքրքրուած էք չուագիտութեամբ, հանրային կապերով կամ միջոցառումներու կառավարմամբ, ձեր հմտութիւնն ու նուիրուածութիւնը մեզի համար արժէքաւոր են: Կրնաք մասնակցիլ նաեւ որպէս պատուիրակ՝ ներկայացնելով ձեր ընտրած երկիրը եւ ներգրաւուելով աշխոյժ բանավէճերու եւ բանակցութիւններու մէջ։ 

 

Մի փախցնէք ձեր գիտելիքները ընդլայնելու, համախոհներու հետ կապ հաստատելու եւ իրական ազդեցութիւն գործելու այս հնարաւորութիւնը: Կամաւոր ըլլալու կամ պատուիրակ դառնալու համար այցելեցէք մեր կայքը կամ ուղղակիօրէն դիմեցէք մեզի: Եկէք միասին կերտենք ապագան»: