image

Պեվըրլի Հիլզի քաղաքապետը դատապարտած է հակահայ թռուցիկներու տարածումը

Պեվըրլի Հիլզի քաղաքապետը դատապարտած է հակահայ թռուցիկներու տարածումը

Անցեալ շաբաթ եւ կիրակի օրերուն հայամէտ ցուցարարներու դէմ ատելութեան խօսք տարածող թռուցիկներ փակցուած են Պեւըրլի Հիլզի մէջ, ուր ցուցարարները երթ իրականացուցած էին՝ իրենց բողոքը արտայայտելով Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Արցախի մէջ շարունակուող ճգնաժամի դէմ։

Այս մասին հաղորդած է «Los Angeles Magazine» պարբերականը:

Ցուցարարները դիմաւորած են լուսասիւներուն փակցուած թռուցիկներով, որոնք կը պարունակէին հետեւեալ սպառնալից խօսքերը. «Ատրպէյճան+Թուրքիա+Փաքիստան+ Իսրայէլ = 4 եղբայրներ, որոնք Հայաստանը պիտի ջնջեն քարտէզի վրայէն: Ինշալլահ»:

Պեւըրլի Հիլզի քաղաքապետ Լիլ Պոսէն ընկերային ցանցերու մէջ անմիջապէս դատապարտած է թռուցիկները, իսկ քաղաքի ոստիկանական բաժանմունքը ուսումնասիրած է Լա Սիենեկա եւ Ուիլշիր պուլվարներու շուրջ տեղադրուած հսկող տեսախցիկներու տեսագրութիւնները՝ փնտռելով պատասխանատուները:

«Ես բազմիցս կրկնած եմ՝ ատելութիւնը տեղ չունի Պեւըրլի Հիլզի կամ որեւէ այլ վայրի մէջ: Ես միշտ պիտի մերժեմ այն, միշտ ատոր դէմ արտայայտուած եմ», - գրած է Պոսէն դիմատերի իր էջին  հրապարակուած գրառման մէջ:

Ըստ պարբերականի՝ իրաւաբաններու հայկական միութեան Հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Ալեքս Բաստեանը նշած է, որ իր հայրենակիցներու դէմ ատելութեան յանցագործութիւնները ոչ միայն կ'աճին, այլեւ հիմնական չեն նկատուիր միջազգային հանրութեան կողմէ: Պարբերականը յիշեցուցած է, որ Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր հայկական եկեղեցին 2020-ին յարձակման ենթարկուած է պայթուցիկով, սակայն յարձակումը դեռ չէ բացայայտուած: Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոն 50 հազար տոլար պարգեւավճար առաջարկած է մեղաւորներու մասին տեղեկութիւններու համար։

«Սա պարզապէս յանցագործութիւն չէ մեզմէ մէկուն դէմ, սա յանցագործութիւն է բոլորիս դէմ», -ըսած է Բաստեանը թռուցիկներու մասին: Ան անձամբ գիտէ, թէ ինչպէս դաժան խօսքերը կրնան արագ վերածուիլ բռնի գործողութիւններու, ինչպիսիք են եկեղեցւոյ այրումը կամ հայկական դպրոցի վրայ արձակուած գնդակները:

Հանգստեան օրերուն ամերիկահայերու դէմ ուղղուած սպառնալիքները դատապարտած է նաեւ ամերիկահայերու մեծ համայնք ունեցող Ուեսթ Հոլիվուտի քաղաքապետ Սեթի Շայնը:

«Ատելութեան աճը կը վկայէ ժողովրդավարութեան համար լուրջ սպառնալիքի մասին, եւ մենք բոլորս պէտք է շարունակենք հանդէս գալ յանուն սիրոյ եւ ընդդէմ ատելութեան», - գրած է Շայնը Twitter-ի իր էջին: