ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն, «քորոնա» ժահրի պատճառով հնգօրեայ մեկուսացումէն ետք, հանդիպած է լրագրողներուն եւ պատմած ապաքինման մասին։
«Թեստս բացասական եղած է», -ըսած է Պայտընը հնգօրեայ մեկուսացումէն ետք իր առաջին հրապարակային ելոյթի ժամանալ: Ան ամպիոնին մօտեցած է սեւ պաշտպանիչ դիմակով, բայց այն հանած է խոսափողի մօտ։
Պայտընի ապաքինման կապակցութեամբ Սպիտակ տան Վարդերու այգիին մէջ արարողութեան քանի մը տասնեակ մարդ հաւաքուած է, իսկ նախագահի ելոյթը լսողներու մէջ գրեթէ ոչ ոք պաշտպանիչ դիմակ չէ ունեցած։
Չորեքշաբթի առաւօտեան Պայտընի բժիշկն ըսած էր, որ նախագահը երկու բացասական թեստ յանձնած է եւ կրնայ վերջ տալ խիստ մեկուսացման։