image
Հրատապ լուրեր:

Պայթում՝ «Պռոշեանի քոնեակի գործարան»ին մէջ. կայ 2 զոհ եւ 4 տուժած

Պայթում՝ «Պռոշեանի քոնեակի գործարան»ին մէջ. կայ 2 զոհ եւ 4 տուժած

Արմաւիր գիւղի «Պռոշեան քոնեակի գործարան»-ի մասնաճիւղին մէջ պայթումի հետեւանքով հրդեհ բռնկած է, որուն պատճառով նախնական տուեալներու համաձայն կայ առնուազն երկու զոհ:

Նշենք, որ 1 Սեպտեմբերին՝ ժամը 12:08-ին, Մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է հրդեհի մասին:

Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ Փրկարարական ծառայութեան Արմաւիրի մարզային փրկարարական վարչութեան խումբը եւ հրշէջ-փրկարարական ջոկատներ:

Պարզուած է, որ տեղի ունեցած է պայթում՝ հրդեհի բռնկումով. վնասուած են մէկ ապակեայ տակառ (30 թոն), մէկ կառ եւ 30 գծամեթր տախտակամած:

Պայթումի հետեւանքով կայ երկու զոհ եւ չորս տուժած, վերջիններս տեղափոխուած են Արմաւիրի հիւանդանոց, ուր բժիշկները անոնց առողջական վիճակը կը գնահատեն միջին ծանրութեան։ Այս մասին «Ֆեյսպուքի» իր էջին գրած է Առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը:

«Տարբեր աստիճանի այրուածքներով 4 քաղաքացի տեղափոխուած են Արմաւիրի բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունք: Այս պահուն կ'իրականացուին հակաշոքային առաջին օգնութեան միջոցառումներ: Բուժառուներու վիճակը կայունացնելէ ետք վերջիններս պիտի տեղափոխուին Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոն: Կը տրուի լրացուցիչ տեղեկատւութիւն»,- գրած է Նիկողոսեանը: