image

Պատուաստ կարող են ստանալ առաջին պատուաստէն 6 ամիս անց. Նախարար

Պատուաստ կարող են ստանալ առաջին պատուաստէն 6 ամիս անց. Նախարար

«Քովիտ»ի դէմ պատուաստուած քաղաքայինները կրնան 6 ամիս անց վերապատուաստուիլ, ստանալ խթանիչ դեղաչափը՝ «պուսթըրը»: Այս մասին յայտնեց առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը:

Անոր խօսքով, այս համակարգը արդէն կը գործէ, եւ քաղաքայինները կը դիմեն պատուաստման խթանիչ դեղաչափը ստանալու համար:

Նախարարին խօսքով, խթանիչ պատուաստում չստացած քաղաքայիններու նկատմամբ սահմանափակումներ կիրառելու հարցը դեռ չի քննարկուիր:

Նշենք, որ, ըստ հետազօտութիւններու, պատուաստումէն 6 ամիս յետոյ հակամարմիններու մակարդակը աւելի քան 50 տոկոսով իջած է բոլոր մասնակիցներուն մօտ՝ առանց բացառութեան, ընդ որում` ամենաերիտասարդներուն:

Այդ չի նշանակեր, որ պատուաստանիւթերը անարդիւնաւէտ են, բայց քանի որ չէզոքացնող հակամարմինները ժամանակի ընթացքին կը նուազի, խթանող դեղաչափերու ներարկումը շատ կարեւոր է շարունակուող համավարակի պայմաններուն մէջ, որոնք կը պահպանեն դիմադրողական համապատասխան մակարդակը: