image
Հրատապ լուրեր:

Պաշտօնական Երեւան դրական կը գնահատէ Թուրքիոյ յայտարարութիւնը

Պաշտօնական Երեւան դրական կը գնահատէ Թուրքիոյ յայտարարութիւնը

ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեան անդրադարձած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուի երէկուայ յայտարարութեան՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմային շուրջ․

«Հայաստանը, ինչպէս մշտապէս նախկինում, այնպէս էլ այժմ, պատրաստ է Թուրքիայի հետ առանց նախապայմանների յարաբերութիւնների կարգաւորմանն ուղղուած գործընթացին, ինչն արձանագրուած է ՀՀ կառավարութեան ծրագրում։

Այս առումով դրական ենք գնահատում Թուրքիայի ԱԳ նախարարի` յարաբերութիւնների կարգաւորման նպատակով յատուկ ներկայացուցիչ նշանակելու մասին յայտարարութիւնը, եւ հաստատում, որ հայկական կողմը եւս երկխօսութեան համար յատուկ ներկայացուցիչ կը նշանակի», նշած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը։

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Չավուշօղլուն յայտարարած էր, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը յատուկ ներկայացուցիչներ պիտի նշանակեն յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: 

«Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար մենք շուտով փոխադարձաբար յատուկ ներկայացուցիչներ պիտի նշանակենք», ըսած էր Չավուշօղլուն՝ ելոյթ ունենալով խորհրդարանին մէջ:

Վերջինս յաւելած էր, որ Երեւանի հետ չարթերային օդագնացութեան հաղորդակցութիւն պիտի բացուի: