image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուի մէջ հայ գերիներու դատավարութիւն

Պաքուի մէջ հայ գերիներու դատավարութիւն

Պաքուի Սապունչիի շրջանային դատարանէն ներս տեղի ունեցած է Հայաստանի քաղաքացիներ՝ Իշխան Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Ռաֆայէլեանի դէմ յարուցուած քրէական գործով նախնական դատական նիստը։ Տեղեկացուցած է Haqqin.az-ը։

Նախապատրաստական նիստին ճշդուած են մեղադրեալներու անձնական տուեալները։

Հայաստանի երկու քաղաքացիներն ալ մեղադրուած են ԱՀ քրէական օրէնսգրքի 214.2.3 յօդուածով (ահաբեկչութիւն, որ կատարուած է հրազէնի եւ որպէս զէնք օգտագործուող առարկաներու գործադրմամբ):