Եթովպիոյ քաղաքացիական օդանաւերու գլխաւոր ընկերութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ուր մասնաւորապէս կը նշուի, թէ երէկ տեղի ունեցած ծանր արկածէն ետք որոշուած է ներկայ փուլին առկախել «Պոինկ 737- Մաքս 8» տիպի օդանաւերու օգտագործումը:
Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցած օդանաւային արկածին հետեւանքով զոհուած էին Ատիս Ապապայէն դէպի Նայրոպի թռիչք կատարող օդանաւին բոլոր ուղեւորները, որոնց թիւը կը հասնէր 157-ի: