image

Նաւը փրկել թակարդէն

Նաւը փրկել թակարդէն

Ուրեմն, երեք յենարան-ընթացքներով կազմուեցաւ այսօրուայ Հայաստանի հիմնական պատկերը։ Առաջին՝ Ռուսաստանի թուլացում, երկրորդ՝ Թուրքիոյ դերի եւ ազդեցութեան ուժեղացում, իսկ երրորդ եւ ամենավտանգաւորը՝ Ատրպէյճանի յոխորտ եւ ռազմաոճ հռետորաբանութիւն։ Ասոնց փոխարէն Հայաստան ունի այն ինչ, որ բաւական թերի է, ի հարկէ, թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ճակատին համար։

Իշխանութիւնը ամբողջութեամբ տարուած է յենարան ընդունելով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Ատրպէյճանին ուղղուած զգուշացման եւ հանդարտեցման փորձերը՝ իբրեւ «փրկութեան լաստ» ներկայացնելով։ Իսկ ընդդիմութիւնը՝ շատ լաւ հասկնալով, որ Իրան Հայաստանի համար որեւէ պարագայով պատրաստ պիտի չըլլայ նոյնիսկ մէկ փամփուշտ կրակելու, կը շարունակէ յուշել, նաեւ երգել՝ անցած-գացած երգը. «Ռուսաստանն է, որ մեզ պիտի փրկէ»։ Իբր այդ, հարկ է հաշուի նստիլ, որ այս փուլին ալ համահայկական քաղաքականութեան մը բացակայութիւնը աւելիով պիտի տկարացնէ Հայաստանի դիրքերը։

Իշխանութիւնը առանձին թողլով կամ ընդդիմութեան պարտութեամբ ուրախանալով անկարելի պիտի ըլլայ իրապէս փրկել մեր նաւը, որ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր խորտակման ամեհի վտանգին առջեւ է։ 

 

 

Արդեօք գիտե՞նք, թէ ինչպիսի թակարդի մը մէջ ինկած է Հայաստան կամ առնուազն քանի՞ հոգի մտածած է այս ուղղութեամբ։ Ինչպիսի՞ հնարքներու պէտք է դիմէ երկիրը՝ դուրս գալու այս փակուղիէն։ Ի հարկէ, մեզմէ շատ-շատերուն համար կեանքը կը բաժնուի երկու ժամանակի. այն բոլորը, որ կար ու կայ 2020 թուականի 10 նոյեմբերէն առաջ եւ այն բոլորը, որ տեղի ունեցաւ եւ այսօր ալ տեղի կ՚ունենայ 10 նոյեմբերէն ասդին։

Բազմաթիւներ մինչեւ հիմա կը շարունակեն կոտրուած հոգեվիճակով հետեւիլ զարգացումներուն, շատեր տխրութենէ անդին լռութեամբ եւ իրենց գլուխները հակելով կը հետեւին դէպքերու սրընթաց թաւալումներուն, իսկ ոմանք ալ (դարձեալ բազմաթիւներ են այդ ոմանքը) փակած են Հայաստանի էջը ու կը շարունակեն կամ կը փորձեն շարունակել իրենց կեանքը հայկական հիմնական ուղղութիւններու ծայրերուն։ Խօսքը, ի հարկէ, սփիւռք ապրող հայութեան մասին է, որուն կեանքը արտաքուստ թերեւս նոյնն է, սակայն, ներքուստ տեղ մը նոյնը չէ։ Անշուշտ, այս բոլորին մէջ պէտք չէ կառչիլ պատահած դէպքերու ողբերգականութեան, այլ ամենակարեւորն է՝ ստեղծուած իրավիճակին վերաշարադրումն ու սկիզբը, ինչ որ կը պակսի։ Մարդիկ չեն ուզեր նստիլ իրականութիւններուն դիմաց, չեն ուզեր նայիլ ճշմարտութեան աչքերուն, այլ քիչ մը ամէն կերպ կ՚ուզեն խուսանաւել իրականութիւններուն մէջէն ու հասնիլ հոն, ուր նպատակայարմար է իրենց։ Բաց աստի, ներկայիս մեր փնտռածը ո՛չ թէ անցեալին վերաշարադրումն ու մեղաւորներ փնտռելու անհանգիստ ճամբորդութիւնն է, այլ հասկնալը, թէ մեր առջեւ երեւցող նոր ճանապարհը մինչեւ ո՛ւր կրնայ տանիլ մեզ։ Ու նախքան այդ ճանապարհին մասին խորհիլը, հարկ է, անշուշտ, հաշուի նստիլ անոր անվտանգութեան, երկարութեան ու հաւանական ցնցումներուն հետ։

Տխուր է, անշուշտ, որ հայ ժողովուրդի գլխուն եկած մեծ փորձութիւններէն ետք, մեզի մինչեւ հիմա պակսողը ազգային միասնութեան մը իրական շրջանակն է։ Ճիշդ է, որ եթէ ներկայ իշխանութիւնը չունի մօտիկ անցեալի մեծամասնական նեցուկը, ապա նոյնը կրնանք ըսել Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտին մասին, որ կ՚անցնի մեծ բոլորակներէ, կը թակէ բազում դռներ, կը զարնուի իշխանութեան կարծր ձեռքին, ապա մտածելով «ներքին արիւնահոսութիւն» կոչուած մեծ սադայէլին մասին, ինքզինք ետ կը քաշէ հրապարակէն։

Այս բոլորին մէջ, անշուշտ, ամենավատառողջը այն է, որ ներկայ իշխանութեան դէմ պայքարի ելած ընդդիմութիւնը մինչեւ հիմա չէ մարսած 2021 թուականի խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքները, հետեւաբար նաեւ իր պարտութիւնը։ Այս մէկը, անշուշտ, ո՛չ մէկ կերպով կը նուազեցնէ իշխանութեան գործած մեծ ու փոքր սխալներու հանրագումարը, բայց, միով բանիւ խնդիրը այդ հանրագումարը չէ։ Խնդիրը քաղաքական առողջ կեանք մը վարելու մասին է, որ պիտի փարատէ ներքին լարումներու հանրագումարը եւ պիտի օգնէ հասարակութեան, որպէսզի ճիշդ ուղեցոյցով գործէ՝ տիւ եւ գիշեր աշխատի առկայ ռիսքերն ու մեծ վտանգները նուազեցնելու համար։

Եթէ պահ մը ընդունինք, որ ընդդիմութիւնը իրօք չէ մարսած վերջին ընտրութեան արդիւնքները, ապա ինչպէ՛ս ընդունիլ այն վիճակը, որուն մէջ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը. վայր մը, որ դարձած է մեղադրանքներ հնչեցնելու եւ անիծաբոյր լուտանքներու հիմնական Ամպիոնի։ Թէեւ այդ ալ չէ խնդիրը, որովհետեւ նոյն անոնք, որոնք այդ հարթակին վրայ զիրար կը նախատեն, տեղ մը, ձեւաչափով մը կամ հիմնարար պատճառով մը իրարու հետ կապի մէջ կը մտնեն ու կը միտին սա կամ նա խնդիրը լուծել։

Այս բոլորն ալ դարձեալ մէկդի դնենք ու հարց տանք այսօրուայ ընդդիմութեան. «Եթէ քեզի համար անընդունելի է այս իշխանութեան վարքը, ապա ինչո՞ւ քու ներկայացուցիչներդ կը շարունակեն գտնուիլ խորհրդարանին մէջ»։ Ընդդիմութիւնը թերեւս պատասխանէ. «Կը սպասէինք յարմար ժամանակին, որպէսզի թէ՛ ներսէն եւ թէ դուրսէն միասին հարուածէինք՝ վար առնելու համար Փաշինեանի կառավարութիւնը»։ Բաց աստի, կարելի է այս վարկածն ալ հաշուի առնել, սակայն, ներսէն եւ դուրսէն եկած պայքարները ընդհանրապէս տապալեցան։

Մինչ այդ, մէկ կողմ դնենք ընդդիմութեան պարագան ու նայինք, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի նեղ սահմաններէն դուրս։ Այդ պարագային կարելի է խորհիլ ու նկատել, թէ Հայաստանի սահմաններէն դուրս իրադարձութիւնները բաւականին ծանրակշիռ են երկու իմաստով՝ նախ այն փաստով, թէ Ռուսաստան ամէն օր կը թուլանայ տարածաշրջանին մէջ եւ անոր փոխարէն կ՚աճի ու դեռ ալ պիտի աճի Թուրքիոյ դերը։

Մէկդի դնելով պատմական վակոնի ծանր բեռը, այս պատկերին հետ առերեսուելու խնդիրը այսօր ամենէն աւելի առկայ է Հայաստանի հասարակութեան մէջ։ Բացի անկէ, կայ սփիւռքի ճիչը, որ ո՛չ միայն կ՚ուզէ օգնել Հայաստանին, որպէսզի ընդհանուր պատկերին համակերպուի, այլեւ վիճակները ճանչնալու փորձեր կ՚ընէ, նաեւ կը շարունակէ հրահրել հին վէրքերը, Հայաստանի ժողովուրդի երեսին շպրտել պատմական վակոնի ողջ ողբերգութիւնը ու գալ համոզելու, թէ «Թուրքիոյ հետ այսօր եւս անկարելի է խօսիլ»։

Հո՛ս է համահայկական խոցելիութիւնը եւ մտահոգութիւնը, որովհետեւ կառչելով անցեալին, վեր հանելով վաղեմի վէրքերը, իրական վնասողը օդասուն ապարաններու կամ 20-րդ դարու հայկական ռապիզով հիացած մերօրեայ Աբիսողոմ աղաներուն եւ աբիսողոմականերուն կեանքը չէ, որ վտանգի տակ պիտի մտնէ, այլ այսօրուան Հայաստանի ժողովուրդինը։

Վտանգի տակ մտնելու պարագան միայն այս յօդուածին տողերը աւելցնելու միտումով չէ, այլ իրապէս հասկնալով, թէ դեռ ի՛նչ տեսակի վտանգներ կրնան յայտնուիլ Հայաստանի առջեւ։ Այդ վտանգները բնաւ կատակ չեն՝ այնքան ժամանակ, որ Ատրպէյճան անզիջող կը շարունակէ մնալ իր վարքագիծին մէջ, ինչ որ, անշուշտ, յաղթող կողմի յոխորտ հռետորաբանութեամբ կը խօսի, որպէսզի ինչքան կարելի է Հայաստանէն հող կորզէ։

Ուրեմն, երեք յենարան-ընթացքներով կազմուեցաւ այսօրուայ Հայաստանի հիմնական պատկերը։ Առաջին՝ Ռուսաստանի թուլացում, երկրորդ՝ Թուրքիոյ դերի եւ ազդեցութեան ուժեղացում, իսկ երրորդ եւ ամենավտանգաւորը՝ Ատրպէյճանի յոխորտ եւ ռազմաոճ հռետորաբանութիւն։ Ասոնց փոխարէն Հայաստան ունի այն ինչ, որ բաւական թերի է, ի հարկէ, թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ճակատին համար։

Իշխանութիւնը ամբողջութեամբ տարուած է յենարան ընդունելով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Ատրպէյճանին ուղղուած զգուշացման եւ հանդարտեցման փորձերը՝ իբրեւ «փրկութեան լաստ» ներկայացնելով։ Իսկ ընդդիմութիւնը՝ շատ լաւ հասկնալով, որ Իրան Հայաստանի համար որեւէ պարագայով պատրաստ պիտի չըլլայ նոյնիսկ մէկ փամփուշտ կրակելու, կը շարունակէ յուշել, նաեւ երգել՝ անցած-գացած երգը. «Ռուսաստանն է, որ մեզ պիտի փրկէ»։ Իբր այդ, հարկ է հաշուի նստիլ, որ այս փուլին ալ համահայկական քաղաքականութեան մը բացակայութիւնը աւելիով պիտի տկարացնէ Հայաստանի դիրքերը։

Իշխանութիւնը առանձին թողլով կամ ընդդիմութեան պարտութեամբ ուրախանալով անկարելի պիտի ըլլայ իրապէս փրկել մեր նաւը, որ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր խորտակման ամեհի վտանգին առջեւ է։ 

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլի

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...