image

Նաթանիահուն հեռախօսազրոյց ունեցած է Եգիպտոսի նախագահ Սիսիին հետ

Նաթանիահուն հեռախօսազրոյց ունեցած է Եգիպտոսի նախագահ Սիսիին հետ

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն հեռախօսազրոյց ունեցած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտոլ Ֆաթթահ Սիսիի հետ։ Հեռախօսազրոյցը կազմակերպուած է Քնեսեթի մէջ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այցելութեան ընթացքին։ Այս մասին կը յայտնէ Times of Israel-ը։ 

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Նաթանիահու ընդունած է Եգիպտոսի առաջնորդին հրաւէրը՝ մասնակցելու 13 Հոկտեմբերին Շարմ ալ-Շէյխի մէջ տեղի ունեցող գագաթնաժողովին, ուր պիտի քննարկուի Կազայի մէջ խաղաղութեան հաստատման հարցը։

Նշենք, որ հակառակ տրուած համաձայնութեան, Նաթանիահու չներկայացաւ Շարմ ալ-Շէյխի մէջ տեղի ունեցող գագաթնաժողովին։