image

«Մըր ընտանիքին հետ մեր դաշինքը ունի պատմական խորք».Յակոբ Բագրատունի

 «Մըր ընտանիքին հետ մեր դաշինքը ունի պատմական խորք».Յակոբ Բագրատունի

 Բագրատունի մասնաւորապէս ըսած է «Մըր ընտանիքին եւ ՀՅԴ-ի միջեւ առկայ բարեկամութիւնը եւ դաշինքը ունի  65 տարուան պատմութիւն։ Ճիշդ է, որ տարբեր փուլերու եւ քաղաքական ինչ-ինչ դրդապատաճռներու բերումով մենք չեն դաշնակցակած, սակայն Լիբանանի մէջ բոլորը գիտեն, որ մեր բարեկամութիւնն ու դաշինքը վեր են ընտրական ամէն տեսակի հաշիւներէ եւ  հիմնուած են փոխադարձ   յարգանքի եւ ազնիւ բարեկամութեան  հիմքերու վրայ»։

 Լիբանանի մէջ նախընտրական խմորումներ տեղի կ՚ունեան։

 Այս առումով երէկ կարեւոր հանդիպում մը կայացած է Լիբանանի ՀՅԴ Շաղզոյեան կեդրոնին մէջ, ուր ՀՅԴ պատասխանատուներ գլխաւորութեամբ՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ՝ Ալպէր Պալապանեանի ընդունած են այցելութիւնը Լիբանանի քրիստոնէական (մասնաւորապէս ՝Յոյն Ուղղափառ)  քաղաքական թատերաբեմի ազդեցիկ գործիչներէն՝ Էլիաս Մըրի։

 

 Մըրին ընկերակցած են նաեւ վերջինիս քոյրը՝ Միրնա Ալ Մըր, ինչպէս նաեւ որդին ՝ Միշէլ Մըր, որ կը կրէ երկար տարիներ Մեթնի մէջ առանցքային դեր ունեցած եւ հայութեան մեծ բարեկամ Միշէլ Մըրի անունը։

 

 Հանդիպումէն ետք կողմերը հակիրճ խօսքերով հանդէս եկած են, ու այդ առումով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի մասնաւորապէս շեշտած է, որ Մըր ընտանիքի հետ առկայ բարեկամութիւնը ունի խորքային անցեալ։

 Բագրատունի մասնաւորապէս ըսած է «Մըր ընտանիքին եւ ՀՅԴ-ի միջեւ առկայ բարեկամութիւնը եւ դաշինքը ունի  65 տարուան պատմութիւն։ Ճիշդ է, որ տարբեր փուլերու եւ քաղաքական ինչ-ինչ դրդապատաճռներու բերումով մենք չեն դաշնակցակած, սակայն Լիբանանի մէջ բոլորը գիտեն, որ մեր բարեկամութիւնն ու դաշինքը վեր են ընտրական ամէն տեսակի հաշիւներէ եւ  հիմնուած են փոխադարձ   յարգանքի եւ ազնիւ բարեկամութեան  հիմքերու վրայ»։

 

 Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ-ի համար կարեւորագոյն շրջան համարուող Մեթնի (Լեռնալիբանանի մէջ) մէջ մեծ են հայ քուէարկողներուն թիւերը եւ անշուշտ կը սպասուի սուր պայքար, որուն մէջ ալ առանցքային պիտի ըլլայ հայ քուէարկողներու դերի, անշուշտ գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի ազդեցիկ ընտրական մեքենային։

 

 

  Arevelk.am -ի այս Լուրը՝ ՀՅԴ Լիբանանի մարմնի դիմատետրի էջէն։