image

Միրզոյեան հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ

Միրզոյեան հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ

Սթոքհոլմի մէջ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ), Իկոր Խովաեւի (Ռուսաստան) եւ Պրիս Ռոքֆոյի (Ֆրանսա) հետ։ Հանդիպման մասնակցել է նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրչիքը։

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը կը յայտնէ, որ զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ եւ մանտաթի ներքոյ խաղաղ կարգաւորման գործընթացի լիարժէք ծաւալման կարեւորութիւնը։

Արարատ Միրզոյեան անընդունելի համարած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան շարունակական ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ յարձակողական գործողութիւնները՝ կարեւորելով Լեռնային Ղարաբաղի եւ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ յստակ քայլերու ձեռնարկումը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը անհրաժեշտ համարած է նաեւ մարդասիրական խնդիրներու անյապաղ լուծումը, մասնաւորապէս ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ վերադարձը, բռնի անհետացման դէպքերու բացահայտումը, ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործունէութեան համար հնարաւորութիւններու ստեղծումը։

Հայկական կողմը վերահաստատած է իր հաւատարմութիւնը՝ շարունակելու աշխատանքները ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան մանտաթի շրջանակներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ լուծման ուղղութեամբ՝ կողմերուն յայտնի սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ։