image

Մինսքի մէջ հանդիպած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները

Մինսքի մէջ հանդիպած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները

Հայաստանի, Ռուսաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները 14 Հոկտեմբերին հանդիպած են Մինսքի մէջ, ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ: Անոնք այնտեղ կը մասնակցին Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։

Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող խնդիրներ, անոնց կարգին՝ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան իրագործման ընթացքը, յայտնած է հայկական կողմը:

Արարատ Միրզոյեան արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովման շրջածիրէն ներս կարեւորած է ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է եռակողմ յայտարարութեան որոշ դրոյթներու իրագործուած չըլլալուն` ընդգծելով հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ ու անվերապահ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը։

Չնայած «գերիները բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով վերադարձնելու մասին պայմանաւորուածութեան` հայկական կողմը կը պնդէ, թէ տասնեակ հայ զինծառայողներ դեռ կը մնան ատրպէյճանական բանտերուն մէջ։ Ատրպէյճան գերիները կը համարէ յանցագործներ՝ պնդելով, որ անոնք հրադադարի համաձայնութենէն յետոյ յայտնուած են Ատրպէյճանի տարածք՝ որպէս ներթափանցողներ։

Ըստ Պաքուի պաշտօնական հաղորդագրութեան` Պայրամովը հանդիպման ընթացքին բարձրաձայնած է Ատրպէյճանի դիրքորոշումը տարածաշրջանին մէջ յետհակամարտութեան իրավիճակի եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ շեշտած յայտարարութեան կէտերու իրացման կարեւորութիւնը:

Արարատ Միրզոյեան, ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, անդրադարձած է նաեւ Նիւ Եորքի մէջ Պայրամովի հետ հանդիպման` վերահաստատելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական կարգաւորումը պէտք է իրականացուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի եւ այդ ձեւաչափին տրուած միջազգային մանտաթի ծիրէն ներս, կողմերուն յայտնի սկզբունքներու ու տարրերու հիման վրայ։

Նախքան եռակողմ հանդիպումը, Լաւրով առանձին-առանձին հանդիպած է երկու գործընկերներուն հետ: Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, թէ «Ղարաբաղը միշտ պէտք է օգտուի մեր ուշադրութենէն»:

Յիշեցնենք, որ նաեւ երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով ե՛ւ Երեւանը, ե՛ւ Պաքուն յայտարարած էին երկկողմանի բանակցութիւններու պատրաստակամութեան մասին, ընդ որում՝ Պաքուն պնդած էր, որ Երեւանը պէտք է ստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիր Ատրպէյճանի հետ։