2022 թուականի 10 նոյեմբերին BBC news-ի թղթակից Օլկա Իվշինան՝ Լեռնային Ղարաբաղ BBC լրատուական խումբի այցելութենէն ետք, հրապարակած է «Յաղթանակի ցուցադրութիւն․ ինչպէս կ'ապրի Ղարաբաղը 2 տարի անց» ծաւալուն յօդուածը , ուր յստակ նկարագրութիւններով ու մանրամասներով ներկայացուած են Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի գերեզմանատան, գիւղի դպրոցի եւ Սբ․ Աստուածածին եկեղեցւոյ ատրպէյճանական ոչնչացումները ու պղծման գործողութիւնները: Այս մասին յայտնած է monumentwatch.org կայքը:
Յօդուածը կը սկսի պատերազմին երկու կողմերու կրած ծանր հետեւանքներու նկարագրութեամբ․ «աւելի քան 8 հազար զինուորի մահ, 10 հազար անտուն մարդ, լքուած ու աւերուած բնակավայրեր»,- նշուած է յօդուածին մէջ:

Լրագրողը իր ծաւալուն յօդուածին մէջ անդրադարձած է նաեւ «Մեծ Թաղեր» կոչուող գերեզմանատան՝ ատրպէյճանցիներու կողմէ իրականացուած աւերման փաստին եւ նշած, որ 100 տարի առաջ այստեղ հայեր ապրած են, որոնք փախած են պատերազմէն։ Այնուհետեւ, նկարագրելով գլխաւոր ճանապարհէն քանի մը տասնեակ մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղը, եւ այնտեղ 1846 թուականին կառուցուած Սբ․ Ամենափրկիչ եկեղեցին, յօդուածագիրը բազմաթիւ մանրամասներ հաղորդած է այստեղ ատրպէյճանցիներու կողմէ իրականացուած աւերման, պղծման, ինչպէս նաեւ վանտալիզմի շարք մը այլ փաստացի գործողութիւններու մասին։ Ի մասնաւորի․ լրագրողը նշած է․ «Մուտքի փայտեայ դռները կոտրուած են, եկեղեցւոյ դրան մօտ Յիսուս Քրիստոսի կոտրուած քարէ գլուխն է։ Մուտքի կամարի տակ եկեղեցւոյ մասնիկներու փշրանքներ են։ Հիւսիսային պատի մօտ գտնուող հին տապանաքարերէն մի քանին կոտրուած են, իսկ ոտքերու տակ կը գլորին սպիտակ քարեր»։ Անդրադառնալով աղօթասրահին՝ լրագրողը նշած է. «Աղօթասրահի կեդրոնին փայտեայ նստարան է՝ ծածկուած փոշիի հաստ, հաւասար շերտով։ Եւս մէկը՝ շրջած, ինկած է մօտակայքը։ Երրորդ նստարանը ինչ-ինչ պատճառներով յենած է Աւագ խորանին։ Խորանի վրայ եւ որոշ պատերու վրայ կարմիր մեծ տառեր են՝ անուններ, որոնք այստեղ թողած են ատրպէյճանցի զինծառայողները, որոնք 2020 թուականի աշնան առաջինը մտած են գիւղ։ Եկեղեցական կահկարասիէն գրեթէ ոչինչ մնացած է։ Ատրպէյճանցիները թողած են միայն պատռուած սրբապատկերի կէսը»։

Յօդուածի յաջորդ բաժնին մէջ լրագրողը անդրադրձած է նաեւ Մեծ Թաղեր գիւղին, ուրկէ բռնի տեղահանուած են արցախցիները պատերազմի հետեւանքով։ Լրագրողը նկարագրած է գիւղի լքուած կեանքը․ կոտրուած դարպասներ, փշրուած ապակիներ, ինչ որ մէկու մեքենայի ժանգոտող մետաղ եւ այլն։

Լրագրողը անդրադրձած է նաեւ գիւղի եռայարկ դպրոցին, նշելով, որ հայերու կողմէ վերանորոգուած դպրոցի պատերուն հայերէն գրութիւններ կան։ Լրագրողը փաստած է դպրոցի գոյքի թալանման մասին, միջանցքներու պատերուն գրուած են ատրպէյճաներէն բառեր։ Լրագրողը նշած է. «այն միջանցքները, ուր երկու տարի առաջ կը վազէին երեխաները, այսօր դատարկ են»։
Յօդուածի շարունակական ընթերցումը թոյլ կու տայ մեզի տեղեկանալ նաեւ Մեծ Թաղեր գիւղի գերեզմանատան աւերման նոր փաստերու մասին։
