2021 թուականի ընթացքին տարբեր մարզաձեւերու, Ողիմպիական, աշխարհի եւ Եւրոպայի առաջնութիւններու ախոյեաններ դարձած եւ մրցանակային տեղեր գրաւած մարզիկները եւ անոնց մարզիչները ընդունած ու զանոնք պարգեւատրած է Կիւմրի համայնքի ղեկավարի առաջին տեղակալ Ռուբէն Սանոյեան: Այս մասին յայտնած է Կիւմրիի համայնքապետարանի դիմատետրեան էջը:
Մինչ պարգեւատրումը, Ռուբէն Սանոյեան ողջոյնի ու շնորհակալութեան իր խօսքը յղած է ներկաներուն, ապա անոնց փոխանցած է նաեւ Սամուէլ Պալասանեանի ողջոյնի ու շնորհակալութեան խօսքը, ուր անդրադարձ կատարած էր նաեւ մեր մարզիկներու յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն:
Մարզանքի զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրումին եւ Մեխակ Ղազարեանի անուան բաժակը կազմակերպելու համար պատուոգրերով պարգեւատրուած են Կիւմրի համայնքի բռնցքամարտի մանկապատանեկան մարզադպրոցի տնօրէն Հրաչ Յարութիւնեանը եւ նոյն դպրոցի ուսումնական բաժինը վարող Յովհաննէս Խզէյեանը:
Նշենք, որ պարգեւատրուած է 13 մարզիկ եւ 12 մարզիչ: Պարգեւատրումներու համար աւագանիի որոշմամբ յատկացուած էր մօտ 22 միլիոն դրամ: