image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր օգնութիւնը Տիրոջմէ կը սպասենք».Գերպ. Տ. Գեղարդ ծ.վրդ.ի կոչը ՝Արցախէն (Տեսանիւթ)

 «Մեր օգնութիւնը Տիրոջմէ կը սպասենք».Գերպ. Տ. Գեղարդ ծ.վրդ.ի կոչը ՝Արցախէն (Տեսանիւթ)

«Մեր աղօթքը թող ըլլայ, որ խաղաղութիւն թող ըլլայ մեր աշխարհին մէջ եւ ամբողջ աշխարհի վրայ» այս խօսքերով եւ կարճ տեսանիւթ մը մատուցելով սրտագին կոչ մը ըրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերպ. Տ. Գեղարդ ծ.վրդ. Քիւսպէքեանը։

 

 Վարդապետը, որ անհատական այցով մը կը գտնուի Հայաստան այցելած է Արցախ եւ յարմար նկատած է Ստեփանակերտի «Պապիկ եւ մամիկ» յուշակոթողին դիմաց կանգնելով սրտի կոչ մը յղել  ակնդիրներուն։

 

 Վարդապետը, որ դառնութեամբ ներկայացուցած է այսօր մեր ապրած ընդհանուր դրութիւնն ու դժուարութիւնները նկատել տուած է, որ ոչ մէկ անգամ հայութիւնը հզօր պետութիւն, կամ հզօր բանակ ունեցած է ու սակայն շնորհիւ քրիստոնէական հաւատքին կարողացած է հրաշքներ գործել ու մեծ յաղթանակներ տանիլ։ 

 

 Հայր Սուրբը, որ անդրադարձած է հայ ժողովուրդի ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն ու քննադատած անոնց կատարած արարքներն ու թշնամութիւնները սաղմոսերգուի խօսքերէն բացի յիշեցուցած է մեծն Թումանեանի խօսքերուն, ըստ որոնց «մեր ազգը ներսից է պէտք մաքրել»։

 

 Իրաւացիօրէն տեղին են Հայր Սուրբին առաջ քաշած թէզերը մասնաւորապէս այս օրերուն, երբ մեր ժողովուրդը քիչ մը ամէնուր կ՚ապրի օրհասական օրեր եւ հեռու ու մօտիկ բարեկամներու կողմէ սպասուած նեցուկն ու աջակցութիւնը կը պարփակուի միայն ու միայն խօսքի սահմաններուն մէջ։