Թուրքիոյ առաջնորդ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան վստահ է, որ յաղթած է ընտրութիւններու առաջին փուլին` առաջ անցնելով իր գլխաւոր մրցակցէն 2,6 միլիոն ձայնով։ Ինչպէս յայտնած է «Ալ Ճազիրա» հեռուստաալիքը` այս մասին Էրտողան յայտարարած է գիշերը` իր աջակիցներու առջեւ ելոյթ ունենալով։
Ան ըսած է, որ վստահ է`քուէաթերթիկներու հաշուարկի վերջնական արդիւնքով ձայներու այս տարբերութիւնը պիտի մեծնայ`յօգուտ իրենց։ Բայց եթէ երկրորդ փուլ ըլլայ, վստահ է`կրկին պիտի յաղթեն։
«Եթէ մեր ժողովուրդը որոշում կայացուցած է երկրորդ փուլի օգտին, մենք կը յարգենք այդ որոշումը»,–ըսած է ան։
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նշած է ընտրութիւններուն մասնակցութեան մրցանշային թիւը եւ շնորհակալութիւն յայտնած 27 միլիոն քաղաքացիներուն՝ իր օգտին քուէարկելու, իսկ 56 միլիոն քաղաքացիներուն՝ քուէարկութեան մասնակցելու համար: