image

«Մենք չենք ընդունիր սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն». Ապպաս Արաքճի 

«Մենք չենք ընդունիր սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն». Ապպաս Արաքճի 

Երեքշաբթի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը պէտք է ժամանէ Թեհրան, եւ մենք պիտի շարունակենք խորհրդակցութիւնները։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։

«Մեր դիրքորոշումը Զանգեզուրի եւ այս հարցի վերաբերեալ լիովին յստակ է։ Մենք կ՚ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղութիւն եւ աւելի վաղ յայտնած ենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ համագործակցելու եւ նպաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ գործընթացին։

Ինչ կը վերաբերի Կովկասեան տարածաշրջանին, մեր դիրքորոշումը շատ յստակ է. մենք կը պահանջենք, որ տարածաշրջանի բոլոր երկիրները պահպանեն լիակատար ինքնիշխանութիւն իրենց տարածքներու նկատմամբ, յարգեն տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ չենք ընդունիր միջազգային սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն», – նշած է ան։