Ազդեցիկ ծերակուտական Պապ Մենենտեզ Ուաշինկթընի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է՝ դադրեցնելու Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցութիւնը, դատապարտելով քարիւղի գիները բարձրացնելու նպատակով ՕՓԵՔի որոշումը, զոր Ռուսիոյ աջակցելու համազօր քայլ մը նկատեց:
«Ուքրանիոյ հակամարտութեան մէջ պարզապէս կարելի չէ կրաւորական դիրք որդեգրել. կա՛մ կ՛աջակցիք ազատ աշխարհի մնացեալ մասին՝ փորձելով խանգարել պատերազմական ոճրագործին ամբողջ երկիր մը ջնջելու փորձը, կա՛մ կ՛աջակցիք անոր», յայտարարած է Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Մենենտեզ՝ աւելցնելով. «Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնը ընտրած է վերջինը՝ սարսափելի որոշում տալով, որ թելադրուած է տնտեսական շահերով»: