ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերը (UNIFIL) կը շարունակեն իրենց դիրքերուն վրայ մնալ Հարաւային Լիբանանի մէջ, հակառակ Իսրայէլի բանակի՝ շարք մը բնակավայրերէն տեղափոխուելու խորհուրդներուն: ինչպէս այս մասին յայտարարած է խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական ներկայացուցիչ Անտրէա Թենենթին։
Աւելի վաղ շարք մը լրատուամիջոցներ յայտնած էին, որ իսրայէլեան կողմը խաղաղապահ ուժերուն խորհուրդ տուած է վերատեղակայուիլ Հարաւային Լիբանանի որոշ դիրքերէն:
«Խաղաղապահները կը մնան բոլոր դիրքերուն վրայ, եւ ՄԱԿ-ի դրօշը կը շարունակէ ծածանիլ։ Մենք պարբերաբար կը ճշդենք մեր գործողութիւնները, եւ արտակարգ իրավիճակի համար գործողութիւններու ծրագիր ունինք։ Մենք կ՚օգտագործենք այն, եթէ անհրաժեշտութիւն առաջանայ»,-ըսած է Թենենթին: