Օրերս իր մահկանացուն կնքած է ՀՕՄ-ի Հայաստանի մարմնի Ատենապետուհի՝ Մարինէ Համբարձումեանը։
Այս մասին իմացանք ՀՕՄ-ի Հայաստանի մարմնի դիմատետրի էջէն, որ այս տխուր առթիւ հրապարակած է կարճ հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս կ՚ըսուի՝
«Խոր ցաւով կը յայտնենք, որ 8 հոկտեմբեր, 2021-ին կեանքէն անժամանակ հեռացած է Հայ Օգնութեան Միութեան Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկերուհի Մարինէ Համբարձումեանը։
ՀՕՄ -ի մեծ ընտանիքի մեր սիրելի ընկերուհին տարիներու իր նուիրեալ կամաւորութեամբ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է կազմակերպութեան բարեսիրական եւ հասարակական գործունէութեան մէջ։ 1990-ական թուականներէն սկսեալ տարբեր շրջաններուն ընկերուհի Մարինէ Համբարձումեանը եղած է Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամ։ 2019 թուականին ընտրուած է ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի։
Մեր ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք Մարինէ Համբարձումեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն»
Կը նշուի նաեւ, որ Մարինէ Համբարձումեանի հոգեհանգիստը տեղի կ'ունենայ 10 հոկտեմբերին, ժամը 18։00-ին, "San Lazzaro" սգոյ սրահէն ներս /Շահումեանի գերեզմանատան ճանապարհին/։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ'ունենայ 11 հոկտեմբերին, ժամը 13։00-ին։