image

Լոս Անճելըսի մէջ. Յայտնի հրապարակախօս Երուանդ Ազատեանի հատորներու գինեձօնը

   Լոս Անճելըսի մէջ.  Յայտնի հրապարակախօս Երուանդ Ազատեանի հատորներու գինեձօնը

Ան տէր է  հմուտ գրչի, ու նաեւ  տարբեր առիթներով ալ ստորագրած է գրադատական  արժէքաւոր մենագրութիւններ լոյս սփռելով հայրենի, բայց մանաւանդ  արեւմտահայ եւ յատկապէս սփիւռքահայ անուններու  գրական-մշակութային աւանդին վրայ։ 

 

Լոս Անճելըսի մէջ յառաջիկայ հինգշաբթի 24  փետրուարին հանրութեան պիտի ներկայացուին Ամերիկահայ հանրայայտ հրապարակախօս  ՝ Երուանդ Ազատեանի նորատիպ հատորները։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Պայքար» շաբաթաթերթէն։

Նշենք, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած Ազատեան, նոյնպէս կը համարուի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի կեդրոնական դէմքերէն մին։

 Ազատեան, որ վերջին ժամանակներուն կը վարէ «Պայքար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագրի պաշտօն հանդէս կու գայ մասնաւորապէս ազգային-քաղաքական վերլուծական յօդուածներով։ 

Ան տէր հմուտ գրչի, ու նաեւ  տարբեր առիթներով ալ ստորագրած է գրադատական  արժէքաւոր մենագրութիւններ լոյս սփռելով հայրենի, բայց մանաւանդ  արեւմտահայ եւ յատկապէս սփիւռքահայ անուններու  գրական-մշակութային աւանդին վրայ։ 

Իսկ  Ազատեանի վերջին  հատորները, (որոնց երկուքն են հրապարակուած ցարդ) կը կրեն  «Ազգային-քաղաքական յորձանուտի մէջ» խորագիրը եւ պրիսմակի տակ տակ կ՚առնեն Հայութիւնն ու Հայաստանը յուզող քաղաքական, շրջանային, ինչպէս նաեւ միջազգային անցուդարձները։

Տեղին կը համարենք նշել, որ Ազատեանի  հատորներուն գինեձօնը կազմակերպուած է ԹՄՄ-ի  կողմէ, հովանաւորութեամբ  Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի  Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի, իսկ հատորներուն մասին  խօսքով հանդէս պիտի գայ Տօքթ. Գրիգոր Սիմոնեան։