image

Լոս Անճելըս.Երիտասարդ դաշնակահար Աստղիկ Գրիգորեանի անունը դարձեալ կը փայլի

Լոս Անճելըս.Երիտասարդ դաշնակահար Աստղիկ Գրիգորեանի անունը դարձեալ կը փայլի

Աստղիկ Գրիգորեանի երաժշտական ուղին սկսած է վեց տարեկանին` դառնալով Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքի «Լարք» երաժշտական կրթօճախի աշակերտուհի:

Ուսանելով վաստակաշատ մանկավարժ Սվետլանա Ղազարեանի հոգատար եւ աչալուրջ ղեկավարութեան ներքոյ` Աստղիկը կատարելութեան հասցուցած է իր դաշնամուրային հմտութիւններն ու երաժշտականութիւնը: Աւելին, ան զարգացուցած է խոր սէր եւ գնահատանք դասական երաժշտութեան նկատմամբ, որ կը շարունակէ ոգեշնչել զինք մինչ օրս:

«Լարք»ի մէջ ուսանելու տարիներուն Աստղիկը ընդլայնած է իր երաժշտական հորիզոնները`ուսումնասիրելով այլ երաժշտական գործիքներ, ինչպիսիք են ձեռնազանգակներն ու հարուածային գործիքները: Այստեղ ան նաեւ զարգացուցած է իր ձայնային հնարաւորութիւնները` անդամակցելով «Ծիածան» երգչախումբին:

«Լարք»ի շրջանակներէն դուրս Աստղիկը մասնակցած է նահանգային եւ միջազգային բազում երաժշտական ծրագրերու եւ մրցոյթներու` գրանցելով յաղթանակներ: Աստղիկը հնգակի յաղթող ճանաչցուած է Քալիֆորնիոյ Երաժշտութեան Ուսուցիչներու Միութեան (MTAC) կողմէ կազմակերպուած Պախի Պատանեկան փառատօնին: Ան երկուստեք արժանացած է Պետական Պատուոյ Մրցանակի`աւարտելով MTAC- ի Certificate of Merit ծրագրի բարձրագոյն մակարդակը, որ եւս մէկ անգամ ցոյց կու տայ անոր ակնառու տաղանդն ու նուիրուածութիւնը: Մեծ Բրիտանիոյ Պախի միջազգային փառատօնին Աստղիկը դարձած է առաջին մրցանակի դափնեկիր`արժանանալով Պախի լաւագոյն կատարման յատուկ մրցանակին: Չարլզթընի միջազգային երաժշտական մրցոյթին արժանացած է երկրորդ կարգի մրցանակի եւ «Հանդիսատեսի Համակրանք» մրցանակի: Ան վաստակած է արծաթէ մրցանակ Երիտասարդ երաժիշտներու համաշխարհային եւ Մոցարթի միջազգային երաժշտական մրցոյթներուն: Առաջին կարգի մրցանակակիր է Լոս Անճելըսի Golden Classical Music Awards, Զալցպուրկի եւ Պարսելոնայի Grand Prize Virtuoso միջազգային երաժշտական մրցոյթներուն: