image

Լիբանանի մէջ. Զուքի ելեկրատակայան, թէ՞ «Մահուան գործարան»

 Լիբանանի մէջ.  Զուքի   ելեկրատակայան, թէ՞  «Մահուան  գործարան»

 

«Մահուան գործարան» կոչուած է Լիբանանի Զուք ելեկտրակայանը: Երկրի մը տնտեսական ու պատերազմական իրավիճակը երբեմն կը տանի ընդունելու  վատ պայմաններով աշխատող գործարան մը ելեկտրականութիւն ունենալու հաշուոյն: 

1950-ական տարիներուն կառուցուած է Լիբանանի Զուք շրջանի   ելեկտրական գործարանը: Սկիզբները այն վտանգ չէր սպառնար, որովհետեւ գոլորշիով կը բանէր, իսկ շրջակայքի հողերը գիւղատնտեսական առումով մշակելի հողեր էին, ուր բնակիչները կ'աճեցնէին բերքը եւ  կ'օգտուէին անկէ: Սակայն ամէն ինչ սկսած է փոխուիլ... Երբ գործարանը իր աշխատելաձեւը փոխած է գոլորշիէն վառելանիւթի օգտագործման:  Այս «փոփոխութեամբ» շրջանի դիմագիծը փոխուած է, գործարանի շրջակայքին մէջ բնակողները սկսած են  բողոքել գործարանէն օրական արտադրուող «սեւ ամպ»էն։ Հետզհետէ, որքան որ «մահուան գործարան»ը կը մեծնար, այնքան քաղցկեղը կը տարածուէր շրջանին մէջ,  ու կարծէք  գործարանի հարեւանները կը ժառանգէին հիւանդութիւնը սերունդէ սերունդ:

Լիբանանի  «Փրկող Տիրամօր» հիւանդանոցի բժիշկներէն խումբ մը, ներառեալ թոքերու մասնագէտ բժիշկ Փօլ Մախլուֆ,  նկատելով, որ  քաղցկեղ հիւանդութեան տարածումը   եւ ժառանգաբար այն  «ձեռք ձգել»ու երեւոյթը   սկսած   մտահոգիչ  պատկեր մ՚ըստանալ,  կատարած է որոշակի  ուսումնասիրութիւններ։ Այդ  աշխատութիւնները  որոնք տեւած են 1990-էն (այսինքն վառելանիւթի օգտագործումէն 7 տարի ետք) մինչեւ 2014  թուական։  Ուսումնասիրութիւնները  հետապնդած են պատճառները «Զուք»ի գործարանի հարեւաններու յաճախակի այցելութեան հիւանդանոց թոքային եւ կրծքային հիւանդութիւններու պարագաներով:  Պարզուած է, որ քաղցկեղով հիւանդացումը կ'աճի տարեկան 1,5-էն 3% տոկոսով: Մախլուֆ հաստատած է, որ «ուսումնասիրութիւնը վերջնական պատկերը չի ներկայացներ, որովհետեւ բնակչութեան թիւը անընդհատ փոփոխութեան մէջ է արտագաղթի պատճառաւ, բայց հաստատ իրականութիւն է,  որ ով մնացած է «ժառանգած» է քաղցկեղ հիւանդութիւնը իր ընտանիքէն»: 

Թէեւ պաշտօնական որոշում կար վերջնականապէս դադրեցնելու գործարանը եւ գործի դնելու աւելի արդիական գործարան մը, որ կ'աշխատի յետընթաց շարժիչներով,  սակայն տնտեսական տագնապը եւ վառելանիւթի ոչ համապատասխան տեսակներու ներմուծումը յանգեցուցած են ընդհակառակը նոր գործարաններու դադրեցման եւ Զուքի հին գործարանը ժամանակաւորապէս կրկին  անցած է աշխատելու 2022-ի օգոստոսին՝ որպէս օգնող միջոց։ 

Բնակիչներու բուռն առարկութիւններու հետեւանքով  նոյն տարուան սեպտեմբերին դարձեալ  փակուած է գործարանը,  ու ապա դարձեալ այս անգամ տնտեսական տագնապի սրացման  հետեւանքով  կրկին վերսկսած է իր աշխատանքը։ Այս պատճառաւ բնակիչները միշտ վախի մէջ են այդ «մահուան գործարան»էն։

Ըստ բժիշկ Մախլուֆին՝ վերոնշեալ պատճառներով քաղցկեղը մինչեւ այսօր կը շարունակէ  սպաննել  գործարանի «հարեւաններ»ը: Այն նման է վարակի, եւ հիւանդութեան մակարդակը կ'աւելնայ, որքան որ բնակութեան վայրը մօտ ըլլայ գործարանին, «քաղցկեղով ախտորոշուածներու մեծ մասը կա՛մ երկար ժամանակէ ի վեր կը բնակին գործարանի հարեւանութեամբ, կա՛մ անմիջականօրէն կ'ենթարկուին ապականութեան, որ վերջին շրջանին աւելցած է վառելանիւթի վատ որակի պատճառաւ»։

Ճիշդ է, թէ ներկայիս գործարանի շարժիչները անջատուած են, բայց անոնց նոյնիսկ ժամանակաւոր գործարկումը կ'արտանետէ թոյներ, որոնց ազդեցութիւնը երկար ժամանակի կը կարօտի անհետանալու համար:  Ըստ մասնագէտներուն՝ այս գործարանի պատճառած վնասը իր գործարկման ժամկէտի լրանալու բերումով աւելի շատ է, քան արտադրած ուժանիւթը:  Հանրայայտ բժիշկ Մախլուֆ տակաւին կը շարունակէ   հետեւիլ  չարորակ հիւանդութեան աճին,  եւ այս տարի, շրջանի հիւանդներուն թիւը գերազանցած է 300-ը, «թոքերու քաղցկեղով տառապողներու թիւը աճած է 7,5-էն 8% տոկոսով, մինչդեռ տարբեր տեսակի քաղցկեղով տառապողներու (շագանակագեղձի, միզուղիներու եւ մաշկի քաղցկեղ) աճը տատանուած է 1,5-էն 3%-ի սահմաններուն մէջ»: Ան թոքերու քաղցկեղի պարագաներու բարձր աճը վերագրած է «ապականութեան պղպջակի մը ներսը ապրելու, ուր այս մարդիկ կը քնանան եւ կ'արթննան, ինչպէս ընդհանրապէս ծխողները»։ Ան նշած է, որ «այս թիւերը կը վերաբերին միայն անոնց, որոնք բուժում կը ստանան կամ անոնց, որոնք գիտեն իրենց հիւանդութեան մասին», մինչդեռ կան շատեր, որոնք դեռ չեն յայտնաբերած իրենց հիւանդութիւնը, ըստ Մախլուֆին՝ երկու հիմնական պատճառով, առաջին՝ «Շատերու նիւթական վիճակը կ'արգիլէ, որ անոնք կանուխ հետազօտուին», իսկ երկրորդը՝ որ ամէնէն վտանգաւորն է, որ  մարդիկ վարժ են ապրելու մահուան գործարանին մօտ. «Եթէ մէկը հազաց կ'ըսեն Զուքէն է, եթէ կուրծքը ցաւեցաւ կ'ըսեն Զուքէն է, մինչեւ որ արիւն թքնէ, այն ատեն կը հասկնայ որ Զուքը զինք սպաննած է:»

 

 

 Նիւթը՝  «Ալ Ախպար»  պարբերականէն։

 Հեղինակ՝ Ռաժանա Համիյէ 

 «Արեւելք»ի համար թարգմանեց ՝ Թ. Գասպարեան