ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան ներկայացուցած է իր տեսլականը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ 13 յունուարին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, վարչապետը վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանը տրամաբանական բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք պիտի կարենայ ապահովել իր յաղթանակը եւ անվտանգութիւնը, ինքնասիրութիւնը:
«Թէ ինչ սենարով պիտի ընթանան բանակցութիւնները, ես այս պահուն անտրամաբանական կը համարեմ խօսիլ այդ թեմայով, բայց վստահ եմ, որ մենք ունինք տարբերակ, որպէսզի այդ բանակցութիւններուն միջոցով ապահովենք մեր անվտանգութիւնն ու յաղթանակը»,- նշած է վարչապետը:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ կո՞ղմ է հարցի լուծման փոխզիջումային տարբերակին՝ վարչապետը պատասխանած է. «Նայած, թէ ինչ փոխզիջման մասին է խօսքը: Եկէք այդ մասին խօսինք, երբ կու գայ ժամանակը: Ես համոզուած եմ, որ այս հարցով չի կայացուր որոշում մը, որուն դէմ ըլլան Հայաստանի քաղաքացիները, քանի որ ասիկա շատ մեծ պատասխանատւութիւն է»,- եզրափակած է վարչապետը: