Անգարան կը պաշտպանէ նաեւ Զանգեզուրի միջանցքը բանալու գաղափարը, որ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը պիտի կապէ Ատրպէյճանի մնացեալ մասին հետ. «Մենք կ'աջակցինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Կը սպասենք ամենակարճ ժամկէտի մէջ Զանգեզուրի միջանցքի բացման, որ կապ պիտի ապահովէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն միջեւ:
Թուրքիան պատրաստ է Ատրպէյճանի եւ Ղազախստանի հետ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ Միջանցիկ փոխադրութեան միջանցքի զարգացման համատեղ քայլերու: Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Ղազախստանի արտաքին գործոց եւ փոխադրութեան նախարարներու` Պաքուի մէջ տեղի ունեցած առաջին եռակողմ հանդիպման արդիւնքներու հիման վրայ:
«Կասպից ծովով բեռնափոխադրումները մեծ նշանակութիւն ունին: Մենք պատրաստ ենք այսուհետեւ եւս այդ միջանցքի նշանակալիութեան բարձրացման ուղղուած քայլերու ձեռնարկելու: Ներդրումներու աճը փոխադրութեան եւ լոկիսթիքի ոլորտին մէջ թոյլ պիտի տայ բարձրացնելու բարեկեցութեան մակարդակը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ», ըսած է նախարարը:
Անոր խօսքով` Պաքուի մէջ եռակողմ հանդիպման մասնակիցները տեղեկացուած է հարցին վերաբերեալ Անգարայի յստակ նախաձեռնութիւններուն մասին:
Թուրք նախարարին խօսքով` տարածաշրջանային գործընթացներու ծիրին մէջ Պաքուի, Անգարայի եւ Նուր Սուլթանի համագործակցութիւնը ձեռք կը բերէ յատուկ նշանակութիւն: «Ճգնաժամերը եւ մարտահրաւէրները, անշուշտ, կ'ուղեկցուին նաեւ հնարաւորութիւններով, որոնք մեր երկիրները կրնան եւ պէտք է օգտագործեն», նշած է Թուրքիոյ դիւանագիտութեան ղեկավարը: Որպէս օրինակ Չաւուշօղլուն ուշադրութիւն հրաւիրած է Սեւծովեան շրջանի հացահատիկային ճգնաժամի վրայ: «Անգարան սերտօրէն կը փոխգործակցի ՄԱԿ-ի հետ` ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու նպատակով», փաստած է թուրք նախարարը:
Չաւուշօղլուն նշած է, որ ճգնաժամը (Ուքրանիոյ շուրջ) ընդգծած է անվտանգ եւ կայուն գործող փոխադրութեան միջանցքներու առկայութեան նշանակութիւնը: Ուստի, շատ կարեւոր է ներդրումներ ընել ինչպէս հայրենական ենթակառուցուածքին, այնպէս ալ ընդլայնել տարածաշրջանի հնարաւորութիւնները:
Անոր խօսքով` փոխադրութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ տարածաշրջանային յաջող փոխգործակցութեան վառ օրինակ է Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին, ինչպէս նաեւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթատարներու եւ Թրանսանատոլիական կազատարի ուժանիւթային նախագիծերը:
Անոր խօսքով` Անգարան կը պաշտպանէ նաեւ Զանգեզուրի միջանցքը բանալու գաղափարը, որ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը (Ատրպէյճան) պիտի կապէ Ատրպէյճանի մնացեալ մասին հետ. «Մենք կ'աջակցինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Կը սպասենք ամենակարճ ժամկէտի մէջ Զանգեզուրի միջանցքի բացման, որ կապ պիտի ապահովէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն միջեւ»: