Հայաստանի ընդդիմութիւնը` բաղկացած քսան տարի երկիրը ղեկավարած Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի կողմնակիցներէն, դարձեալ վերադարձած է փողոց ու կը պահանջէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Շուրջ երկու շաբաթներէ շարունակուող բողոքի նստացոյցերը, հաւաքներն ու իրազեկման երթերը առ այժմ կը մնան ապարդիւն ու այս` «դիմադրութիւն» կոչուող շարժումը եւս, ուշ թէ կանուխ դատապարտուած է ենթարկուելու անցեալ տարի` պատերազմէն ետք թափ առած «Հայաստանի փրկութեան շարժումի» ճակատագրին:
Ընդդիմութեան հերթական շարժումը սկսաւ պատրուակ բռնելով Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ նշանաձողը իջեցնելու մասին Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ ըստ իրենց կը նշանակէ Արցախի ճանաչումը` Ատրպէյճանի կազմէն ներս: Սակայն, Արցախի նախագահը կը յայտարարէ, որ առայժմ նման քննարկում չկայ եւ իրենք եւս կողմ են Փաշինեանի առաջ մղած խաղաղութեան օրակարգին:
Այս անգամ ընդդիմութեան ղեկավարները կը փորձեն ընդօրինակել Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած` 2018-ի շարժումի օգտագործեց եղանակները: Շրջաններէն դէպի Երեւան քայլերթներով, ամենօրեայ հանրահաւաքներով, ճանապարհներ փակելով անոնք կը խորհին թէ պիտի կարողանան հասնիլ նոյն արդիւնքին: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը ունէր Քարիզմաթիք ղեկավար, քաղաքական յստակ ծրագիր եւ ամենէն կարեւորը` ժողովուրդի լայն աջակցութիւն: Այս երեք բաղադրիչները, բոլորն ալ կը պակսին ներկայ շարժումին մօտ:
2018-ին կար իսկապէս համաժողովրդական տրամադրութիւն ձերբազատուելու իշխող համակարգէն, որ քսան տարի զիրենք մատնած էր բազում զրկանքներու` յօգուտ փոքրաթիւ վերնախաւի մը տնտեսական ու քաղաքական շահերուն: Մենաշնորհներ, պետական քանցի կողոպուտ, անարդարութիւններ, ազատութիւններու ոտնահարում, քաղաքական սպանութիւններ ու ընտրակեղծիքներ, այդ բոլորը պարարտ հող ստեղծած էին ժողովուրդի մօտ, որ ըմբոստութեան մի քանի ձախող փորձերէ ետք, վերջապէս հասաւ իր նպատակին` տապալելով տիրող վարչակրգը: Այդ ժամանակ հրապարակներու վրայ էին հարիւր հազարաւոր ժողովուրդ, իսկ ներկայիս մասնակիցներու թիւը շատ հեռու է իշխանափոխութիւն իրագործելու համար, մանաւանդ որ, ցոյցերու առաջին շարքերուն եւ հանրահաւաքներու բեմերուն վրայ են նախկին վարչակարգի այն կերպարները, որոնք ժողովուրդի մօտ կ’արթնացնեն անցեալի յիշողութիւնները: Քաղաքացիներ, որոնք չհամակրելով հանդերձ գործող իշխանութիւններուն, կը յայտնեն որ պատրաստ չեն նպաստելու իշխանափոխութեան այս շարժումին ու երթալու անոր ետեւէն, պարագայ մը որ խորհրդածելու առիթ պէտք է տայ ընդդիմութեան ղեկավարներուն, ոպէսզի վերատեսութեան ենթարկեն ներկայիս իրենց քայլերն ու ռազմավարութիւնը: Անոնք առաջին հերթին հրապարակը պէտք է յանձնեն նոր դէմքերու ու ժողովուրդին ներկայանան ոչ միայն Արցախի հարցով, այլ յստակ ծրագիր ներկայացնեն երկրի ապագայի ու անվտանգութեան վերաբերեալ իրենց յաջորդական քայլերուն մասին:
Առ այժմ, իշխանութիւնները շատ սառնասրտութեամբ կը մօտենան ընթացող զարգացումներուն, այդ բոլորին նայելով սահմանադրական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու տեսանկիւնէն, որոնց պաշտպանութեան խոստումով եկած էին իշխանութեան: Միւս կողմէ սակայն, ընդդիմութեան որոշ քայլերը կը ձգտին երկրէն ներս ամենաթողութեան մթնոլորտի ստեղծման: Անոնք, շատ յաճախ ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքները կ’օգտագործեն ժողովրդավարութիւնը քանդելու համար: Տարբեր ձեւով կարելի չէ մեկնաբանել երբ սպառնալիքներ կը հնչեն իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ իրաւապահներու հասցէին ու վիրաւորանքներ կ’ուղղուին բողոքի իրենց քայլերուն չմիացողներուն:
Անցեալ տարուայ Յունիսին տեղին ունեցան արտահերթ ընտրութիւններ ու Հայաստանի քաղաքացիները ըսին իրենց խօսքը: Այժմ տարի մը չանցած ընդդիմութիւնը կը փորձէ այլ եղանակով հասնիլ իշխանութեան: Յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած են չորս տարիէն: Մինչ այդ, տարի մը ետք տեղի պիտի ունենան Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնները եւ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պատրաստուին այդ ընտրութիւններուն քանի որ, ներկայիս Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն իրագործելու միակ ձեւը ընտրութիւններն են:
Գ. Խոտանեան