image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական «Մասիս»ի. Հերթական հանրահաւաքը, հերթական ձախողումը

Խմբագրական «Մասիս»ի. Հերթական հանրահաւաքը, հերթական ձախողումը

Մի քանի ամսուայ դադարէ ետք, Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութիւնը  վերադարձաւ Ֆրանսայի հրապարակ՝ դարձեալ արժանանալով հասարակութեան կողմէ անտեսումի: Այս մէկը, ընդդիմադրութեան ամենէն սակաւամարդ հանրահաւաքներուն շարքին  կարելի է դասել, հակառակ որ, հանրահաւաքի նախօրեակին Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը հանդէս եկաւ իշխանութիւնները քննադատող յայտարարութեամբ, իսկ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր ներկայացուցիչը ուղարկեց հանրահաւաքին:

Ֆրանսայի հրապարակին վրայ պարզուած երեւոյթը պէտք է առիթ հանդիսանայ կազմակերպիչներուն կատարելու որոշ եզրայանգումներ՝ վերատեսութեան ենթարկելով իրենց հետագայ քայլերն ու ռազմավարութիւնը:

Առաջինը այն է որ, ժողովրդավարական երկրի մէջ փողոցի ճնշումով իշխանութեան հասնելու փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան: Ներկայիս, քաղաքացիները ունին իրենց կամքը արտայայտելու այլ միջոցներ, որոնցմէ գլխաւորը ու ամենէն կարեւորը քուէատուփն է: Վերջերս, տարբեր համայնքներու մէջ տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն, բազմաթիւ վայրերու մէջ իշխանական  թեկնածուները պարտուած դուրս եկան՝ իրենց տեղերը տալով այլ կուսակցութիւններուն:

Երկրորդ եզրակացութիւնը այն է որ, կարելի չէ անադար «դաւաճան», «հողատու», «թուրք» եւ կամ այլ նման ածականներ օգտագործելով  քաղաքական վարկանիշ ձեռք ձգել: Նման ոճի մը օգտագործումը աւելի շատ կը վանէ՝ քան կը մօտեցնէ:

Երրորդ եւ ամենէն կարեւոր պարագան այն է որ, ընդդիմութեան մօտ կը բացակայի յստակ ծրագիր՝ ներկայիս Հայաստանի դիմագրաւած խնդիրներն ու դժուարութիւնները յաղթահարելու համար: Գործող իշխանութիւնը, հակառակ իր բազմաթիւ թերութիւններուն, ունի  ծրագիրներ ուղղուած՝ Ատրպէյճանի եւ թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները դասաւորելու, բանակը վերականգնելու, միջազգային բազմաբեւեռ յարաբերութիւններ վարելու, տնտեսութիւնը բարելաւելու, ժողովուրդի կենսամակարդակը բարձրացնելու եւ այլ բնագաւառներու վերաբերեալ: Այս բոլորի  իրականացման ձեւերուն  շուրջ կարելի է տարակարծիք ըլլալ, սակայն Հայաստանի քաղաքացին  առնուազն լաւ գիտէ թէ, ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէ իր կողմէ  ընտրուած կառավարութիւնը:

Այս վերջին ձախողութենէն ետք« ընդդիմադրութիւնը անելիք չունի այլեւս՝ բացի վերադառնալ Խորհրդարան ու հոն կատարել իրեն վերապահուած դերը:

 

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»