image

Իսրայէլի հարուածած է Հալէպի օդակայանը

Իսրայէլի  հարուածած է  Հալէպի օդակայանը

Իսրայէլի զինուած ուժերը մարտի լոյս 22-ի գիշերը հրթիռակոծած են Հալէպի միջազգային օդակայանը: Այս մասին հաղորդած է սուրիական պետական SANA գործակալութիւնը:

Չորեքշաբթի գիշերը՝ ժամը 3:55-ին, իսրայէլեան օդուժը Միջերկրական ծովու կողմէ՝ Լաթաքիայէն արեւմուտք, հրթիռներ արձակած է՝ թիրախաւորելով Հալէպի միջազգային օդակայանի մերձակայքը, «SANA»-ին յայտնած է զինուորական աղբիւրը:

Իր հերթին Al Arabiya հեռուստաալիքը հաղորդած է, որ գնդակոծութեան պատճառով օդակայանի աշխատանքը դադրած է։ Հեռուստաալիքի համաձայն՝ արձակուած Է չորս հրթիռ։

Պայթումի ձայները լսուած են Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մէջ: Իսրայէլի զինուած ուժերը Հալէպի օդակայանը հարուածած Էին նաեւ մարտ 7-ին, որու պատճառով օդակայանը քանի մը օր չԷր գործած: