image

Իսրայէլի վրայ ճնշում պէտք է գործադրուի. Ֆիտան՝ Պլինքընին

Իսրայէլի վրայ ճնշում պէտք է  գործադրուի. Ֆիտան՝ Պլինքընին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիյատի մէջ հանդիպած է ամերիկացի գործընկերոջ՝ Էնթընի Պլինքընի հետ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ կողմերը քննարկած են Կազայի հատուածին մէջ տիրող իրավիճակը։

Հանդիպման ընթացքին թուրք նախարարն Իսրայէլի կողմէ Կազայի մէջ իրականացուող գործողութիւնն անուանած է կոտորած եւ ընդգծած ատոր անյապաղ վերջ տալու անհրաժեշտութեան մասին։

Բացի այդ՝ Ֆիտան Պլինքընի հետ զրոյցին շեշտած է, որ հարկաւոր է Իսրայէլի վրայ այդ հարցով ճնշում գործադրուի։

Յիշեցնենք, որ Հաքան Ֆիտան ապրիլի 28-ին մեկնած էր Ռիյատ՝ մասնակցելու «Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան» եւ «Արաբական լիկա»ի անդամ երկիրներու միջեւ Կազայի շուրջ զարգացումները քննարկելու նպատակով ձեւաւորուած հաղորդակցային խումբի հանդիպման: