Իսրայէլը «ամէն օր» կը մեծցնէ իր զինուած ուժերու պաշտպանական պատրաստուածութիւնը եւ կը կատարելագործէ իր յարձակողական կարողութիւնները։
Այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոավ Կալանթը, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը։
«Ամէն օր մենք կը մեծցնենք մեր պաշտպանական պատրաստուածութիւնը եւ կը կատարելագործենք մեր յարձակողական կարողութիւնները»,-ըսած է Կալանթ։
Անոր յայտարարութիւնը տարածած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
«Միացեալ Նահանգները վճռական է աջակցելու Իսրայէլին եւ միասին աշխատիլ:
Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութիւնը չափազանց կարեւոր է մեր պատրաստակամութեան համար»,-աւելցուցած է Կալանթը։