image

Իսրայէլի պաշտանութեան նախարար. «Նահիմ Քասեմ մեզի համար «բնական» թիրախ է»

Իսրայէլի պաշտանութեան նախարար. «Նահիմ Քասեմ մեզի համար «բնական» թիրախ է»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երկուշաբթի յայտարարեց, որ «Հըզպալլա»-ի ընդհանուր քարտուղար Նահիմ Քասեմ այժմ «վերացման համար նշանակուած թիրախ» է։

«X» ընկերային ցանցին վրայ գրելով՝ Քաց սպառնաց, որ «Հըզպալլա»-ն «ծանր գին պիտի վճարէ Իսրայէլի դէմ արձակուած կրակոցներուն համար»։

Ան աւելցուց. «Հըզպալլա»-ի ընդհանուր քարտուղար Նահիմ Քասեմը, որ Իրանի ճնշման տակ որոշեց կրակոցներ արձակել, այսուհետեւ ոչնչացման թիրախ է»։

Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան բանակը առաւօտեան յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ «յարձակողական ճակատամարտ» սկսած է «Հըզպալլա»-ի դէմ։

Իսրայէլեան օդային հարուածները թիրախաւորեցին Պէյրութի հարաւային արուարձանները եւ Լիբանանի հարաւային շրջանները։ Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն՝ հարուածներուն հետեւանքով սպաննուեցան 31 հոգի, իսկ 149 հոգի վիրաւորուեցան։

«Հըզպալլա»-ն երկուշաբթի վաղ առաւօտեան յայտարարեց, որ հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր արձակած է իսրայէլեան զինուորական կեդրոնի մը դէմ՝ ի պատասխան Թել Աւիւի կողմէ Լիբանանի վրայ գրեթէ ամէնօրեայ յարձակումներուն եւ Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի սպանութեան։