Այսօր՝ Հինգշաբթի, իսրայէլեան ուժերը ներխուժած են «Ալ Աքսա» մզկիթի բակերը, առաւօտեան աղօթքէն ետ, արցունքաբեր կազ եւ ռետինէ փամփուշտներ արձակելով, նախապատրաստելով ներխուժման, մինչդեռ պաղեստինցի երիտասարդները հրավառութեամբ դիմակայած են անոնց:
Իսրայէլեան ուժերը բռնի ուժով հեռացուցած են աղօթողները մզկիթի բակերէն՝ վիրաւորելով «Ալ Քիպլի» աղօթասրահին մէջ պաշարուած մեծ թիւով մարդիկ, յարձակած են մամուլի ներկայացուցիչներուն վրայ եւ զանոնք վտարած «Ալ Աքսա» մզկիթի բակերէն։
Նոյն ծիրին մէջ, բռնագրաւուած Երուսաղէմի մէջ «Մայատին»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդած է, որ իսրայէլացիները ներխուժած են «Ալ Աքսա» մզկիթ՝ իսրայէլեան ոստիկանութեան պաշտպանութեան ներքոյ՝ նշելով, որ ուժերը ներխուժած են մզկիթին բակերը եւ վտարած են հաւատացեալները այնտեղէն՝ նախապատրաստելով իսրայէլացիներու հաւաքական ներխուժումներուն, իրենց զատկական տօնին առիթովձ
Դիմադրութեան աղբիւրը հաստատած է «Մայատին»-ին, որ տասնեակ հրթիռներ արձակուած է Կազայէն հակաօդային զէնքերէ արձակուած ծանր փամփուշտներուն ուղղութեամբ:
Ազդազանգերը հնչած են երէկ այն ժամանակ, երբ դիմադրութիւնը «երկիր-օդ» հրթիռ արձակած է իսրայելեան ռմբակոծող օդանաւներուն ուղղութեամբ:
Այսօր լուսադէմին Կազայի մէջ «Մայատին»-ի թղթակիցը յայտնած է, որ պայթիւնի ձայն լսած է կեդրոնական նահանգին մէջ: Թղթակիցին փոխանցմամբ՝ «իսրայէլեան անօդաչու սարքերը ռմբակոծած են Նուսէյրաթէն արեւմուտք գտնուող դիմադրութեան վայրը, եւ Կազա քաղաքէն հարաւ գտնուող Քասսամ փաղանգի տեղամաս մը եւ դիմադրութեան պատկանող Իսա Ալ Պաթրանի դիրքը»։