Բացի աստի, հարցախոյզը ցոյց տուած, որ «իսրայէլացիներու 40%-ը լաւատես չէ Իսրայէլի ապագային նկատմամբ», իսկ այս տոկոսին մէջ «յատկապէս երիտասարդները լաւատես չեն»:
Իսրայէլացի լրագրող Նոամ Տապիրի «Իսրայէլ Հայոմ» թերթին մէջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ պարզուած է, որ «իսրայէլացիները մտահոգուած են իրենց հասարակութեան առջեւ ծառացած շարք մը խնդիրներով, որոնցմէ գլխաւորը «ընկերային խզումն է, սղաճը եւ իրանեան սպառնալիքը»:
Զեկոյցին մէջ կ'ըսուի, որ «իսրայէլացիներուն մէկ երրորդը կը պնդէ, որ կառավարութիւնը համապատասխան վերաբերմունք չի ցուցաբերեր կորուստ կրած ընտանիքներուն», բացատրելով, որ «իսրայէլացիներուն մօտ 35%-ը կը կարծէ, որ կառավարութիւնը իրենց չի ցուցաբերեր համապատասխան վերաբերմունք, այդ շարքին` 68%-ը մինչեւ 29 տարեկան երիտասարդական խումբին մէջ, ի դիմաց ընդամէնը 19%-ի՝ 65 տարեկանէն բարձր իսրայէլացիներու:
Բացի աստի, հարցախոյզը ցոյց տուած, որ «իսրայէլացիներու 40%-ը լաւատես չէ Իսրայէլի ապագային նկատմամբ», իսկ այս տոկոսին մէջ «յատկապէս երիտասարդները լաւատես չեն»:
Զեկոյցին մէջ կը շարունակուի. «Իսրայէլացիները անհանգստացնող եւ, ըստ անոնց, հրատապ բուժում պահանջող հարցերն են` ընկերային խզումը (41%), սղաճը (25%), իրանեան սպառնալիքը (12%) եւ. քաղաքական կարգաւորումը պաղեստինցիներուն հետ (12%)»։
Այս առաջնահերթութիւնները կը փոխուին` ըստ բնակավայրերու աշխարհագրական դիրքին, քանի որ պարզուած է, որ «Թէլ Աւիւի բնակիչները մտահոգուած են սղաճով (43%), մինչդեռ Երուսաղէմի բնակիչները մտահոգուած են ընկերային խզումով (42%)»։