Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը եւ Անվտանգութեան գործակալութիւնը (Շին Պեթ) յայտարարած են, որ լայնածաւալ հակաահաբեկչական գործողութիւն սկսած են Արեւմտեան ափի հիւսիսը։ Այս մասին յայտնած է Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը։
«Չորեքշաբթի գիշեր Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը, սահմանապահ ոստիկանութիւնը եւ Անվտանգութեան գործակալութիւնը լայնածաւալ հակաահաբեկչական գործողութիւն սկսած են Սամարիայի հիւսիսը (Արեւմտեան ափի հիւսիսի իսրայէլեան անուանում)», - նշուած է յայտարարութեան մէջ։
«Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը եւ Շին Պեթը թոյլ պիտի չտան, որ ահաբեկչութիւնն արմատաւորուի տարածքին մէջ, եւ կը գործեն աշխուժօրէն՝ այն կանխելու համար», - նշուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ։
Իսրայէլեան բանակը 2023-ի հոկտեմբերին Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի մեկնարկէն ի վեր զօրացուցած է Արեւմտեան ափի մէջ յարձակումները։
Արեւմտեան ափին մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի եւ իսրայէլցի վերաբնակիչներու յարձակումներու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 1000 պաղեստինցի, իսկ մօտ 11 000-ը՝ վիրաւորուած։ Աւելի քան 20 000 մարդ ձերբակալուած է։