Իսրայէլի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «Համաս»-ի հետ Տոհայի մէջ այս շաբթուան սկիզբը ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնագրին: Կառավարութեան նիստը տեւած է մինչեւ ուշ գիշեր, դէմ քուէարկած են ծայրայեղ աջակողմեան երկու նախարարներ։
Համաձայնագիրն այժմ կրնայ ուժի մէջ մտնել, ինչպէս նախատեսուած է կիրակի՝ յունուար 19-ին։
Անվտանգութեան գրասենեակն առաջինը հաւանութիւն տուած է համաձայնագրին։ Քուէարկութեան արդիւնքները յայտնի դառնալէն ետք Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոկը յոյս յայտնած է, որ նախարարներու գրասենեակը նոյնպէս դրական որոշում պիտի կայացնէ։
«Սա կենսական քայլ է՝ յարգելու ազգի հիմնարար պարտաւորութիւնները իր քաղաքացիներու հանդէպ»,-ըսած է Հերցոկը:
Նախքան փոքր գրասենեակի նիստը Նաթանիահուն հանդիպած է բանակցային խումբի հետ, որ համաձայնագրի վերջնական տարբերակը ստորագրելէն ետք վերադարձած է Տոհայէն։ Անոնք միասին գնահատած են գործարքի իրականացման ռիսքերը։
Համաձայնագրի պայմաններու համաձայն՝ զինադադարն ուժի մէջ պիտի մտնէ կիրակի՝ յունուար 19-ին։ Նոյն օրը պէտք է սկսի «Համաս»ի գերութենէն 33 իսրայէլցի պատանդներու ազատ արձակման գործընթացը։
Մինչեւ վերջին պահը պարզ չէր, թէ արդեօք Իսրայէլի գրասենեակը կը կարողանայ հաւաքուիլ ուրբաթ օրը, քանի որ նախարարներու զգալի մասը կրօնական մարդիկ են եւ կը նշեն շաբաթ օրը, որ, ըստ հրէական աւանդոյթի, կը սկսի ուրբաթ երեկոյեան։
Համաձայնագիրը հաստատուած է ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ։