image

Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպած է ՀՀ-ի մօտ Սուրիոյ դեսպանին հետ

Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպած է ՀՀ-ի մօտ Սուրիոյ դեսպանին հետ

ՀՀ ԱԺ-ի նախագահի տեղակալ, Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի ղեկավար՝ Իշխան Սաղաթէլեան 22 նոյեմբերին հանդիպած է ՀՀ-ի մօտ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Մոհամմէտ Հաժ Իպրահիմի հետ։

Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձած է տարածաշրջանի մէջ Թուրքիոյ ապակայունացնող դերակատարութեան եւ տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան դէմ այդ պետութեան ոտնձգութիւններու անթոյլատրելիութեան։ Այս իմաստով խորհրդարանի փոխխօսնակը կարեւորած է միջազգային խորհրդարանական հարթակներով Հայաստանի եւ Սուրիոյ համագործակցութիւնը։ 

Դեսպանը իր հերթին կարծիք յայտնած է, որ Թուրքիոյ քայլերը ամբողջութեամբ ուղղուած են տարածաշրջանի կայունութեան դէմ։ Ան մերժելի համարած է այդ երկրի կողմէ վարձկաններու ու ահաբեկիչներու ներգրաւումը պատերազմական գործողութիւններուն մէջ ինչպէս որ տեղի ունեցաւ 44-օրեայ պատերազմին: 

Կողմերը կարեւորած են երկկողմանի բարեկամական ու եղբայրական յարաբերութիւններու խորացումն ու ընդլայնումը՝ ընդգծելով, որ պատմականօրէն առանձնայատուկ է երկու երկիրներու փոխգործակցութիւնը։ Խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացման շրջածիրէն ներս զրուցակիցները փաստած են փոխայցերու գործուն դերն ու նշանակութիւնը։ Անդրադարձ եղած է տնտեսական յարաբերութիւններու խորացման ուղղուած քայլերու իրականացման եւ մասնաւորապէս՝ արտածման եւ ներմուծման ծաւալներու յաւելումին։ Ընդգծուած է սուրիահայերու մեծ դերակատարութիւնը երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ: 

ԱԺ-ի փոխնախագահը երկկողմանի յարաբերութիւններու խթանման միտուած նախաձեռնութիւնները կեանքի կոչման օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնած է։