Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ֆրանսական Le Point պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ խօսած է Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին եւ անընդունելի համարած մարդասիրական իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
«Ֆրանսայի դերը այն է, որ շարունակէ ճնշում գործադրել մարդասիրական հասանելիութեան վրայ։ Մենք բոլոր ջանքերը կը գործադրենք այդ նպատակին հասնելու համար», հարցազրոյցի ժամանակ նշած է Մաքրոն:
Պարբերականի հաղորդմամբ՝ Մաքրոն ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ֆրանսայի դերը, որ կը ձգտի երաշխաւորել մարդասիրական հասանելիութիւնը:
«Մեր մօտեցումը յստակ է, մենք կը ցաւինք ու կը դատապարտենք, բայց այլեւս դիւանագիտութեան ժամանակը չէ։ Մենք միշտ ըսած ենք, որ կողմ ենք ժողովուրդի ինքնիշխանութեան։ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը բարդ է։ Ես չեմ կրնար անդրադառնալ այս թեմայի ամենասուր կողմերուն:
Ֆրանսան յստակօրէն դատապարտեց 2020 թուականի պատերազմը եւ քանի մը մարդասիրական օգնութիւն կազմակերպեց։ Այսօր մենք կ'ընենք ամէն ինչ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուի տեւական խաղաղութիւն եւ պաշտպանուած ըլլան ժողովուրդներն ու մշակոյթները: Այս խաղաղութեան պայմանագիրն անհրաժեշտութիւն է, բայց այն պէտք է համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին»,-յայտարարած է Մաքրոն:
Միաժամանակ, Ֆրանսայի նախագահը խուսափած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի ձեռամբ ստեղծուած իրավիճակը «ցեղասպանութիւն» որակել։
«Ես ձեռնպահ կը մնայի այս եզրը այդքան արագ գործածելէ: Այո, մենք ունինք մարդասիրական իրավիճակ, որ անընդունելի է։ Ֆրանսայի դերը մարդասիրական հասանելիութեան հարցով ճնշում գործադրելն է, եւ մենք կը շարունակենք մեր բոլոր ջանքերը՝ ատոր հասնելու համար: Մասնաւորապէս, մենք կը շարունակենք միջոցներ ձեռնարկել՝ ապահովելու սննդամթերքի եւ դեղորայքի առաքումը եւ Լեռնային Ղարաբաղ ազատ մուտքի պահպանումը։ Եւ բացի այդ, Հայաստանի սեփական սահմանները վտանգուած են»,- նշած է Մաքրոն: